ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ձգտող եւ այդ նպատակին համար ջանք ու ճիգ թափող ՀՄԸՄի պասքեթպոլի տղոց խումբի նպատակը Երեքշաբթի օր պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ, երբ ան 74-59 արդիւնքով տապալեց իր մրցակից խումբը՝ «Ռիատի Պէյրութ»ը:
Յետմիջօրէի կանուխ ժամերէն սկսեալ ՀՄԸՄի հազարաւոր համակիրները արդէն իսկ լեցուցած էին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտը:
Ժամեր շարունակ անոնք երգեցին եւ ՀՄԸՄի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ իրենց խումբը քաջալերող կանչերով թնդացուցին համալիրը:
Քանի մը ժամ ետք կերտուելիք յաղթանակին նշոյլները արդէն ուրուագծուած էին:
Կանխատեսումները ճիշդ դուրս եկան, ՀՄԸՄի կազմը հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց «Ռիատի Պէյրութ»ի դէմ՝ ինքնավստահ քայլերով եւ արհեստավարժ խաղարկութեամբ դառնալով Լիբանանի ախոյեան:
Յաղթանակի կերտումէն ետք ՀՄԸՄի հազարաւոր համակիրներուն ժամադրավայրը դարձաւ Պուրճ Համուտը, ուր «Արին» կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային տօնախմբութիւն եւ հրավառութիւն:
Տօնախմբութեան ներկայ էին, բացի ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան անդամներէն եւ մարզական պատասխանատուներէն, նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ նորընտիր երեսփոխան Յակոբ Թերզեան:
Յաղթանակի տօնախմբութիւնը իսկական հարսանիք մըն էր ՀՄԸՄի համակիրներուն համար, որոնք ջերմօրէն դիմաւորեցին նաեւ «Արին» կեդրոն ժամանած ախոյեան խումբը՝ հեռուէն փայլփլող ախոյեանութեան բաժակով:
Տօնակատարութիւնը եւ հազարաւոր համակիրներու ու շրջանի հայութեան սիրտերը ուրախութեամբ լեցնող ինքնաբուխ այս հաւաքը տեւեցին մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը:
Ինչ կը վերաբերի մրցումին մանրամասնութիւններուն, անիկա սկսաւ կատարեալ կարգապահութեամբ, առանց մրցակից խումբի մարզիկներուն ապահովութեան դէմ որեւէ սպառնալիքի, ինչ որ չէր իրավիճակը օր մը առաջ Մանարայի մէջ:
Նախորդ օրերուն ընթացքին տեղի ունեցած վեց մրցումներուն երկու խումբերէն իւրաքանչիւրը իր դաշտին վրայ կատարած երեք մրցումներուն արձանագրեց երեքական յաղթանակ՝ բնականաբար օգտուելով իր համակիրներուն հաղորդած կորովէն:
Մինչ ՀՄԸՄի մարզիկները դաշտին վրայ տիրական ներկայութիւն եղան, անդին անոնք թրիպիւններուն վրայ ունեցան իրենց զօրաւոր բանակը՝ համակիրները, որոնք եղան տէրն ու տիրականը իրենց կազմին եւ միասնաբար հանդիսացան ախոյեան՝ ջրելով Լիբանանի Պասքեթպոլի դաշնակցութեան այն մտավախութիւնները, որ մրցումը կրնայ այլ տեղ աւարտիլ եւ ոչ թէ դաշտին վրայ:
Ինչ կը վերաբերի արձանագրուած արդիւնքին, ՀՄԸՄ 4-3 գերազանցելով իր մրցակիցը, հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան… բառին բուն առումով:
Մրցումին չորս քորթըրներուն արդիւնքները հետեւեալներն էին՝ 22-21, 15-9, 18-9, 19-20:
ՀՄԸՄէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Սեմ Եանկ (21 կէտ, 10 ռիպաունտ): Ինչպէս բոլոր մրցումներուն, այս մրցումին եւս փայլելով Ուոլթըր Հոճ նշանակեց 18 կէտ, Մաքրամ պըն Ռամատան‘ 14 կէտ, Իսմայէլ Ահմետ‘ 8 կէտ եւ 16 ռիպաունտ:
Մրցումը ընթացաւ հեզասահօրէն, հակառակ անոր որ «Ռիատի»ի մարզիչն ու պատասխանատուները, իրաւարարներու կողմէ ճշդուած, սակայն իրենց հաշուոյն չեկող իւրաքանչիւր վճիռի դէմ կը բողոքէին, շատ հաւանաբար հարցեր ստեղծելու համար՝ վստահելով ներքին ապահովութեան ուժերու մեծ թիւին, որ ողողած էր դաշտը:
Սակայն անոնք դարձեալ չյաջողեցան, որովհետեւ ՀՄԸՄի կազմը եւ բոլոր համակիրները վճռած էին ամէն գնով յաղթել իրենց մրցակիցին:
Այսպիսով, ՀՄԸՄ այս տարեշրջանին ինքզինք պարտադրելով՝ կրցաւ տիրանալ ախոյեանութեան եւ բաժակի մրցաշարքերու տիտղոսներուն:
Օրուան իրաւարարներն էին Ռապպահ Նըժէյմ, Փոլ Սքայիմ եւ Զիատ Թաննուս:
Մրցումին ներկայ էին նաեւ Հայկական երեսփոխանական խմբակի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան եւ Լիբանանի պասքեթպոլի դաշնակցութեան նախկին նախագահ Ուալիտ Նասսար:
Աւարտին, Լիբանանի պասքեթպոլի դաշնակցութեան նախագահ Փիեռ Քախիա մետալները յանձնեց մարզիկներուն, իսկ ախոյեանութեան բաժակը՝ ՀՄԸՄի խմբապետ Սեւակ Քեթենճեանին:
«ԱԶԴԱԿ»