
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան երկրորդ մրցանակաբաշխութեան եւ գնահատանքի ձեռնարկը կայացաւ Հինգշաբթի, Մայիս 3ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Ռենըսանս» սրահին մէջ, համայնքի հարիւրաւոր անդամներու, ինչպէս նաեւ քաղաքային, նահանգային եւ դաշնակցային մեծ թիւով պաշտօնատարներու եւ շարք մը կազմակերպութեանց ու մարմիններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծարելու շարք մը անձնաւորութիւններու եւ տեղական կազմակերպութեան մը իրագործումներն ու սպասարկութիւնները, որոնք նպաստած են հայ համայնքին եւ Կլենտէյլ քաղաքին: Լուսարձակի տակ առնուեցաւ նաեւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին անցնող տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները։
Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան կատարեց ձեռնարկի բացման աղօթքը, իսկ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները երգեց Թալին Ուրֆալեան, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին առաքելութեան եւ գործունէութեան նուիրուած տեսանիւթ։
Ձեռնարկի հանդիսավարն էր Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի նախկին ատենապետ Զանգու Արմէնեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ պետական պաշտօնատարներուն, դրուատեց մեծարեալները, ապա կոչ ըրաւ դասեր քաղելու իր կամքը պարտադրելու նպատակով ոտքի կանգնած Հայաստանի ժողովուրդէն։

Բեմ հրաւիրուեցաւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, որ մէկ առ մէկ դրուատեց իւրաքանչիւր մեծարեալի իրագործումները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ համայնքին կամաւոր սպասարկութիւններ մատուցողներուն, որոնք նպաստած են քաղաքի եւ շրջանի բարգաւաճման։
Այնուհետեւ, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային յարաբերութեանց պատասխանատու Մարկարիթա Պաղտասարեան սկսաւ ներկայացնելու մեծարեալները։
«Երիտասարդ Գործիչի Մրցանակ»ը յանձնուեցաւ Լիլիթ Բազիկեանին, որ իր ելոյթին մէջ կոչ ըրաւ Սփիւռքի երիտասարդութեան օրինակ առնելու Հայաստանի ապագան իրենց ձեռքը առած հայրենի երիտասարդութենէն, եւ միասնաբար աշխատին՝ բոլորին համար սիրելի հայրենիք մը կերտելու համար։
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Յասմիկ Բուրուշեանի ձեռամբ, «Երիտասարդ Գործիչի Մրցանակ»ը յանձնուեցաւ նաեւ Շանթ Էօլմէսէքեանին, որ շնորհակալութիւն յայտնեց զինք քաղաքական գործիչի մը վերածելու գործին մէջ կենսական դերակատարութիւն ունեցած Շամլեան եւ «Հուվըր» վարժարաններուն, ինչպէս նաեւ՝ ՀԵԴին, Արեւմտեան Ամերիկայի եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբերուն։

Երկու երիտասարդներուն հասցէագրուած շնորհաւորական խօսք մը արտասանեց նաեւ Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի Հայ ուսանողական միութեան ատենապետ Փռենի Ալահվերտեան, որ յիշեցուց, որ անոնք երկուքն ալ եղած են Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի Հայ ուսանողական միութեան վարչութեան անդամներ։
Իր կարգին, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Լուսի Պետրոսեան ներկայացուց «Համայնքային Սպասարկութեան Մրցանակ»ին արժանացած Սեդա Խոջայեանը, որ յատկանշական դերակատարութիւն ունեցած է քաղաքի կեանքին որակը բարձրացնելու ջանքերուն մէջ եւ անձնուէր սպասարկութիւն տրամադրած է հայ համայնքի բարօրութեան ի նպաստ: Խոջայեան, որ անդամ է Կլենտէյլի քաղաքի Կանանց իրավիճակի յանձնաժողովին, Քրիստոնեայ երիտասարդ կանանց միութեան (YWCA) Կլենտէյլի մասնաճիւղի վարչութեան, ինչպէս նաեւ եղած է ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային եւ ՀՕՄի Կլենտէյլի «Սիփան» մասնաճիւղի վարչութեանց անդամ, յայտարարեց, թէ իր կամաւոր գործունէութենէն ամենամեծ շահողը ի՛նքն է, միաժամանակ բոլորին կոչ ընելով, որ գործնականօրէն նեցուկ կանգնին համայնքի կազմակերպութիւններուն՝ առանց ակնկալութեանց կամ վերապահութիւններու։
Այս հանգրուանին, ներկաները վայելեցին Անահիտ Ներսէսեանի ֆրանսերէն եւ հայերէն երգերու կատարումները։

Ապա, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Այդա Բաբայեան ներկայացուց «Մարիա Ճէյքըպսըն Մարդասիրական Մրցանակ»ին արժանացած Կլենտէյլի «Քիուանիս» ակումբի գործունէութիւնը։ Ակումբը կարօտեալներու օժանդակութիւններ տրամադրող կազմակերպութիւն մըն է, որ բաղկացած է գործարարներէ, քաղաքացիական, կրթական ու համայնքի կազմակերպութեանց ղեկավարներէ եւ այլ արհեստավարժներէ: Մրցանակը ստանձնեցին ակումբի նախագահ Թոնի Պեք Էսթինոզա եւ նախկին նախագահ Մըրսի Վալասքեզ, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին այս պատիւին համար, իսկ Վալասքեզ ներկաներուն անակնկալ մը պատրաստած էր՝ խօսքը հայերէն արտասանելով։
Այնուհետեւ, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ռանի Ղարիպեան ներկայացուց Իսահակ Գազանճեանը, որուն յանձնուեցաւ «Հայ Դատի Մրցանակ»ը, Հայ Դատին իր ցուցաբերած օրինակելի նուիրուածութեան եւ Կլենտէյլի հայութեան բարօրութեան ի նպատ իր մատուցած անձնուէր սպասարկութիւններուն համար, յատկապէս՝ Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան ու Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան միջոցաւ իր տարած գործունէութեամբ։
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ մասնակիցին՝ Վազգէն Բարսեղեանին, ներկայացուց Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ճեքի Թոմասեան։ Բարսեղեան ժողովրդային գործիքներ նուագելով՝ կատարեց շարք մը հայկական եղանակներ։

Ապա, հանդիսավար Արմէնեան ներկայացուց յաջորդ մեծարեալը՝ Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս (Արտի) Քասախեանը, որուն յանձնուեցաւ «Ուուտրօ Ուիլսընի Հանրային Սպասարկութեանց Մրցանակ»ը։ Արմէնեան շեշտեց, որ Քասախեան իր կեանքը նուիրած է հանրային սպասարկութեան մարզին եւ իր պաշտօնին պահանջածէն աւելի՛ն կատարած է՝ քաղաքին մէջ ժողովրդավարութեան սկզբունքները եւ ընկերային արդարութիւնը պաշտ-պանելու համար, յատկապէս նեցուկ կանգնելուվ փոքրամասնութեանց իրաւունքները պաշտպանելու ջանքերուն։ Նաեւ, բեմ բարձրացաւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան, որ արտայայտուեցաւ իր եւ Քասախեանի միջեւ երկարամեայ բարեկամութեան մասին եւ աւելցուց, թէ ա՛ն է, որ զինք դէպի քաղաքական կեանք մղած է:
Իր կարգին, Քասախեան յայտարարեց, որ Հայաստանի վերջին դէպքերը հաստատած են իր այն համոզումը, որ ոչ միայն իւրաքանչիւր քաղաքական գործիչ պէտք է հանրութեան սպասարկու մը ըլլայ, այլեւ հանրային իւրաքանչիւր լաւ պաշտօնեայ պէտք է միշտ քաղաքական գործիչի մը եռանդը ունենայ, իրեն վստահուած պարտականութիւնը յաջողութեամբ պսակելու համար։
Ձեռնարկին վերջին՝ «Կեանքի Մը Իրագործումներու Մրցանակ»ը շնորհուեցաւ Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի հոգաբարձութեան ատենապետ դոկտ. Արմինէ Յակոբեանին, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին օրինակելի ներդրումներ ունեցած է համայնքի բարգաւաճման համար տարուած աշխատանքներուն մէջ, միաժամանակ նուիրուելով հանրային սպասարկութեան մարզին:
Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան, որ մեծարեալին երկարամեայ բարեկամուհին է, ներկայացուց դոկտ. Յակոբեանի իրագործումները եւ յատկապէս ծնողներուն կողմէ անոր մէջ կանուխ տարիքէն արմատացած հայրենասիրութիւնը։ Ան լուսարձակի տակ առաւ մեծարեալին աւելի քան 40 տարիներու բազմածաւալ գործունէութիւնը՝ կրթական մարզէն եւ համայնքի կեանքէն ներս։
Ապա բեմ բարձրացաւ նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ՝ շնորհաւորելով դոկտ. Յակոբեանը եւ դրուատելով Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի բարելաւման նպաստած անոր գործունէութիւնը։

Իր կարգին, դոկտ. Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս պատիւին համար՝ աւելցնելով. «Կրթութեան նկատմամբ եռանդս կ՛աճի ուսանողներու հետ իւրաքանչիւր զրոյցէ ետք, իսկ խանդավառութիւնս կ՛աճի ամէն անգամ, երբ արդի արհեստագիտութեան կամ դասաւանդման նոր կարելիութիւններու մասին կը խորհրդակցիմ կրթական մարզի պաշտօնէութեան հետ»։ Մեծարեալը նաեւ այս առիթը օգտագործեց դրուատելու համար Հայ Դատի յանձնախումբին գործունէութիւնը, յատկապէս՝ ի շահ հայ երիտասարդութեան, խոստանալով շարունակել հետեւիլ Հայ Դատին դաստիարակելու, քաջալերելու եւ գործի մղելու պատգամին։
Աւարտին, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Յարութ (Արթին) Մանուկեան իր փակման խօսքին մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ միասին առիթ ունեցան մեծարելու վերոյիշեալ անհատներն ու կազմակերպութիւնը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ձեւով նպաստած է Կլենտէյլ քաղաքի բարգաւաճման։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւորներ՝ Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» առողջապահական կեդրոնը, Կլենտէյլ քաղաքի Ջուրի եւ ելեկտրականութեան բաժանմունքը, «Քարմել Փարթնըրզ»ը, տէր եւ տիկին Ռանի եւ Ակնեթա Ղարիպեանները, տէր եւ տիկին Զարեհ եւ Մելինա Իսախանեաններն ու Հայ Ամերիկեան թանգարանը։
Մանուկեան նաեւ յայտարարեց, թէ հաստատուած է Ցոլակ Յովսէփեանի անուան կրթանպաստի հիմնադրամ մը՝ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի աշակերտներուն համար, շնորհիւ դոկտ. եւ տիկին Վիգէն եւ Լուսի Յովսէփեաններու առատաձեռն նուիրատուութեան։
Ատենապետ Մանուկեան երեկոն աւարտեց շեշտելով կամաւոր սպասարկութեան կարեւորութիւնը՝ զայն ժողովրդավարութեան համար կենսական համարելով։
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել
www.ancaglendale.org կայքը: