ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՊՊԾ գունդի գրաւման գործով զինուած խմբաւորման օժանդակելու մէջ մեղադրուող Կարօ Եղնուկեան 10 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց դատական նիստերու դահլիճէն ազատ արձակուեցաւ: Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Էրեբունի նստավայրին մէջ ընթացող նիստը նախագահող դատաւոր Արտուշ Գաբրիէլեան յայտարարեց, որ Կարօ Եղնուկեանի պաշտպան Տիգրան Հայրապետեան ներկայացուցած փաստաթուղթ մը, որ կը հաստատէ, թէ այդ գումարը փոխանցուած է համապատասխան դատարանի հաշուեհամարին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.