ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Դեկտեմբեր 1917ին, Արամ Մանուկեան, հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան ու ազատութեան միտուած յստակ քաղաքական ուղեգիծ առաջադրելու ժամանակ, նշած էր. «Մենակ ենք եւ պէտք է ապաւինենք միա՛յն մեր ուժերին՝ թէ՛ ճակատը պաշտպանելու եւ թէ երկրի ներսը կարգ հաստատելու համար»:
Այդպէս ալ եղաւ. հայութիւնը համախմբուեցաւ՝ ապաւինելով իր ուժերուն, ձեռքերնին զէնք առին նաեւ կանայք՝ ֆետայիներու հետ կողքի-կողքի կատաղի պայքար մղելով: Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100ամեակի առիթով ՀՕՄի կազմակերպած «Հայ կանանց դերը զարթօնքից հանրապետութիւն» խորագիրով խորհրդաժողովը Հինգշաբթի, 24 Մայիսին սկսաւ իր աշխատանքներուն:
ՀՕՄ Կենտրոնական վարչութեան վարիչ տնօրէն Վերժինի Թուլումեան նշեց, որ այսօր հաւաքուած են 350 ՀՕՄուհիներ՝ եկած տարբեր երկիրներէ, որպէսզի նախ Մայիս 28ի յաղթապանծ օրերը հայրենիքի մէջ նշեն, ինչպէս նաեւ մասնակցին գիտաժողովին: Ըստ Թուլումեանի՝ գիտաժողովին կը մասնակցէին 26 երկիրներէ ժամանած ՀՕՄուհիներ՝ Լիբանանէն, Սուրիայէն, Յունաստանէն, Ֆրանսայէն, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկայէն եւ այլ երկիրներէ:
«Կարեւորը այն է, որ գիտաժողովի միջոցով պատմական անդրադարձ կը կատարենք հայ կնոջ դերին. հայ կինը միշտ եղած է սիւն՝ ոչ միայն իր ընտանիքին, այլ նաեւ ազգին համար: Այպիսի գիտաժողովները շատ կարեւոր են, որպէսզի իմանանք՝ ուրկէ կու գանք, եւ մեր օրերուն ինչպէս հայ կինն իր հեռատեսութեամբ կրնայ ներգրաւուիլ ու իր մասնակցութիւնը բերել զանազան ոլորտներու մէջ ներս՝ կրթական, մշակութային, քաղաքական», ըսաւ Թուլումեան:
Ըստ Սուրիահայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային վարչութեան անդամ Աննա Տէր Յակոբեանի՝ մեծ ուրախութիւն է, որ Սփիւռքն ալ իր մասնակցութիւնը ունի գիտաժողովին. ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան համար այս գիտաժողովը մեծ նշանակութիւն ունի:
«Պէտք է շեշտել, որ հայ կինը իր դերը ունեցած է իւրաքանչիւր մարզի մէջ, իւրաքանչիւր ճակատի վրայ՝ ըլլա՛յ պատերազմի դաշտին վրայ, զոհուած ազատամարտիկներու կողքին կամ գիտական աշխատանքներու մէջ: Իւրաքանչիւր ասպարէզի մէջ, կը կարծեմ, հայ կինը ինքզինք արդարացուցած է եւ լիովին կատարած է իր ստանձնած բոլոր պարտականութիւնները: Այսօր ալ այդ դերը չէ փոխուած, նոյն մարտունակութեամբ եւ խանդավառութեամբ կը գործեն հայ կանայք, միայն փոխուած է «մարտի դաշտը»: Այսօր գիտութիւնը աւելի մեծ զէնք է, որպէսզի կարենանք յաղթահարել մարտահրաւէրները, եւ հայ կանայք ալ գիտութեան ասպարէզին մէջ իրենց գործը յառաջ կը տանին», ըսաւ Տէր Յակոբեան:
Պատմագիտութեան դոկտոր, փրոֆեսէօր Աշոտ Մելքոնեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ հայ տղամարդը, իսկապէս «թուլութիւն» ունեցած է հայ կնոջ նկատմամբ, եւ այս վերաբերումը կ՛երեւի նաեւ հայ ֆետայիի պարագային: Ըստ Մելքոնեանի՝ հայ ֆետային, որուն բարձը պէտք է ըլլար Հայաստանի լեռները, այսինքն՝ ան կ՛երդնուր, որ այլեւս իր կողքին պիտի չունենայ կողակից եւ քնանար լեռներուն վրայ, սակայն ամէնէն տոկուն ֆետայիներէն Աղբիւր Սերոբ եւ Գէորգ Չաւուշ խախտեցին այդ կանոնը:
«Բայց նրանք ստացան իրենց կանանց համապատասխան վերաբերմունքը, որոնք այդ երդումը կիսեցին իրենց ամուսինների հետ՝ քարերը դարձնելով իրենց բարձերը եւ մինչեւ վերջ մնալով ամուսնու կողքին: Առաջին աշխարհամարտի տարիներին հայ կինը հրաշքներ գործեց՝ զաւակներ ուղարկելով ռազմաճակատ եւ, ամենակարեւորը, առաջին հայկական պետականութեան մոդելը հանդիսացող Վանի ինքնապաշտպանողութեան ժամանակ առողջապահական խմբեր ստեղծելուց յետոյ՝ այդ նոյն խմբերը Արամի կողքին էին, երբ կեանքի էր կոչւում 1918ի Դեկտեմբերից մինչեւ Մայիս ամիսը առաջին Հանրապետութիւնը: Այս կերպ նաեւ ցրուեց այն թիւր կարծիքը, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մեզ տրուել է պարապ հողի վրայ՝ առանց քաղաքական, տնտեսական, գաղափարական նախադրեալների: Այդ նախադրեալները ենթատեքստի ձեւով անկասկած կային եւ արդէն, երբ կեանքի կոչուեց առաջին Հանրապետութիւնը, հայ կինը նորից երեւաց իր ողջ բարոյական նկարագրով»:
Մելքոնեան նշեց նաեւ, որ հետաքրքրական է փաստը, երբ ընտրութիւններու օրէնք կը մշակուէր եւ արդէն իսկ կանանց ընտրուելու իրաւունք պիտի վերապահուէր, հայ կանայք ամօթխած ձեւով կը հրաժարէին առաջադրելէ իրենց թեկնածութիւնը: Ըստ Մելքոնեանի գնահատումին՝ անոնք կը կարծէին թէ քաղաքական գործունէութիւնը իրենց տեղը չէր:
«Հայ ֆիդայու կողքին մնալ նախընտրում էին, բայց պատգամաւոր դառնալ չէին ուզում: Ուշագրաւ է նաեւ այն հանգամանքը, որ երբ Արամն իր կնոջը՝ Կատարինէին, խնդրում էր պատմագաւոր դառնալ, նա հրաժարուեց, բայց ամուսնու մահից յետոյ մասնակցեց ընտրութիւններին ու դարձաւ խորհրդարանի անդամ»:
Ըստ պատմաբանին՝ 3րդ Հանրապետութեան կեանքին մէջ, երբ ազատ ժամանակներ եկան, ընտրութիւններու վերաբերեալ կարծրատիպերը կոտրուեցան, հայ օրիորդները ցոյց տուին, թէ ով է հայ աղջիկը:
«Ես, որ Էդիկ Մինասեանի հետ վիրաւոր կամ զոհուած զինծառայողների մօր կողքին էի լինում, ոչ մէկից չլսեցի նման հարց՝ ինչո՞ւ իմ զաւակը, որովհետեւ հայ մօր մէջ խօսում է ազգային ոգին, ազգային նկարագիրը: Մէկ անգամ եւս համոզւում ես, որ հայ կինը ոչ միայն ընտանիքի, այլեւ ազգի ողնաշարն է, որի առջեւ մենք մեր գլուխը պէտք է խոնարհենք ու հասկանանք՝ հայ ընտանիքի ամրութեան գաղտնիքը նրա մէջ է: ՀՕՄն, այս կարեւոր իրադարձութեան նախօրեակին նման գիտաժողով կազմակերպելով, մէկ անգամ եւս մատնանշում է իր նախանձախնդրութիւնը, պատրաստակամութեանը՝ հայոց պետականութեանը սատար կանգնելու եւ էլ աւելի սերտ դարձնելու Հայաստան-Սփիւռք կապերը, կեանքի կոչելու մեր երազանքը՝ հայրենադարձութիւնը», ըսաւ Մելքոնեան:
Ըստ պատմագիտութեան դոկտոր, փրոֆեսէօր Էդիկ Մինասեանի՝ հայ կանայք շատ մեծ դերակատարութիւն ունեցած են մեր պատմութեան ընթացքին: Ան յիշեցուց, որ Արցախեան պատերազմի օրերուն ատրպէյճանցի զօրահրամանատարներէն մէկը վախով ըսած էր. «Եթէ ձեռքը զէնք վերցուցած հայ կին տեսնէք, ուրեմն՝ վերջ, պէտք է ամէն ինչ ձգել ու փախչիլ»:
«Հայ կինը հայոց պատմութեան դժուարին եւ ճակատագրական պահերին անմասն չի մնացել մեր գոյապայքարից: Բազմաթիւ հայուհիներ ֆիդայիների հետ կողք-կողքի պայքարել են թշնամու դէմ, արհաւիրքի ժամին դարձել են զինուորներ՝ զէնքով պահպանել հայի՝ իր լեռնաշխարհում ապրելու իրաւունքը», ըսաւ Մինասեան:
Ան խօսեցաւ Մօրուք Կարոյի (Կարապետ Աւոյեան) կնոջ՝ Մարթայի գործունէութեան մասին:
«1915ի կոտորածից առաջ նրանք ինքնապաշտպանողական մարտերին են ակտիւ մասնակցել, Մարթան հագել էր տղամարդու հագուստ, ուսին գցել հրացան եւ Կարոյի հետ ուս-ուսի մասնակցում էր զինուած հրոսակների դէմ պայքարում: Մարթան յայտնի էր իբրեւ լաւագոյն ֆիդայիներից մէկը: Մօրուք Կարոյի հետ նրանք Սարդարապատի ճակատամարտին մասնակցեցին եւ Մարթան, լաւագոյնս տիրապետելով ձիավարութեանը, սուրը ճօճելով ընթանում էր առաջ: Տղամարդկանց կողքին հայ կանանց գործունէութիւնը իւրայատուկ դերակատարում ունեցաւ ինքնապաշտպանողական մարտերում», ըսաւ Մինասեան:
Նշենք նաեւ, որ խորհրդաժողովի աւարտին ՀՕՄի անդամները այցելեցին Սօսէ Մայրիկի շիրիմ, ուր 20 տարի առաջ, ՀՕՄի ջանքերով, հանդիսաւոր արարողութեամբ հայրենի հողին յանձնուեցաւ մեր անմահ հերոսուհի անոր աճիւնը, որ բերուած էր Եգիպտոսէն: