ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» օրէնքի 9րդ յօդուածի 1ին մասով՝ Բաբգէն Տէր Գրիգորեանը նշանակեց սփիւռքի նախարարի տեղակալ:
Նշենք, որ Բաբգէն Տէր Գրիգորեան նախապէս կը բնակէր Լա Քրեսենթա: Ան ողբացեալ Հրայր Տէր Գրիգորեանի եւ Արմինէ Տէր Գրիգորեանի զաւակն է: Հրայր Տէր Գրիգորեան վաստակաւոր հասարակական գործիչ էր, ան պատասխանատու պաշտօններ վարած է ՀՅԴ Լա Քրեսենթայի «Սիմոն Զաւարեան» կոմիտէիութեան մէջ: