ԵՐԵՒԱՆ.- Արցախը ունի որոշիչ ձայն՝ հարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ: «Ազատութիւն» ռատիօկայանի «Կիրակնօրեայ Վերլուծական» ծրագիրի զրոյցին ընթացքին ըսաւ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան:
«Գիտէք, մենք այժմ կը գտ-նուինք այն փուլին, ուր կը ձեւաւորենք հիմքերը՝ շարունակելու բանակցային գործընթացը: Այս շրջանին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Փութինի հետ, ես հեռաձայնային զրոյց ունեցայ համանախագահներուն հետ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց քարտուղարի տեղակալին հետ, այստեղ գտնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեան, ընդունեցինք Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը Հայաստանի մէջ, հեռաձայնային զրոյց ունեցայ Ռուսիոյ իմ գործընկերոջ հետ եւ արդէն յայտարարութիւն եղաւ, որ 7 Յունիսին պիտի մեկնիմ Մոսկուա աշխատանքային այցելութեամբ, եւ այդ այցելութեան հիմնական իմաստը հանդիպիլն է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ: Այս ամբողջ շարքը մեր աշխատանքն է, որ կը տարուի գործընթացը յառաջ տանելու ուղղութեամբ», նշեց Զոհրապ Մնացականեան:
Ըստ անոր՝ գործընթացը ունի բաւական երկար պատմութիւն, եւ այդ պատմութեան մէջ եղած է ու կը մնայ մէկ յստակ իրողութիւն՝ Արցախը ունի որոշիչ ձայն այս խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ:
«Ինծի կը թուի, որ նորութիւն չէ ոեւէ մէկուն համար, որ Արցախը ունի այդ որոշիչ ձայնը, որովհետեւ, վերջապէս, հակամարտութիւնը նոյն եռանախագահներու ձեւակերպումով կը կոչուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն՝ Nagorno-Karabakh conflict: Լեռնային Ղարաբաղը, միաւոր է՝ իր տարածքով, իր բնակչութեամբ, իր կառոյցներով, իր պետական համակարգով, զոր դժուար թէ կարելի է արհամարհել: Վերջինիս որոշիչ ձայնը ի սկզբանէ յստակ եղած է այս ամբողջ գործընթացին մէջ: Եւ Լեռնային Ղարաբաղը եղած է հակամարտութեան տարբեր շրջաններու մէջ, իր ստորագրութիւնը դրուած է զինադադարի պայմանագիրին վրայ, եւ այս բոլորը արհամարհելը… ասոնք իրողութիւններն են, եւ այս բոլորը մենք կը տեղաւորենք նաեւ բանակցային գործընթացին մէջ, որովհետեւ բանակցային գործընթացին մէջ մենք եղած ենք եւ կը մնանք բանակցութիւններու միջոցով խաղաղ կարգաւորման կողմնակից՝ Մինսկի խումբի համանախագահութեան շրջանակին մէջ», ըսաւ նախարարը:
Մնացականեան շեշտեց այն, որ այս բոլորին համար էական եւ կենսական նշանակութիւն ունի խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտը: Ան ընդգծեց, որ շատ մտահոգիչ են այն բազմաթիւ տարբեր ձեւակերպումները, յայտարարութիւնները եւ կոչերը, որոնք կը նպաստեն ամբողջովին հակառակ բանին: