


ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի ՌԱԿին եւ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան, Ուրբաթ, Յունիս 22ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին, Կլենտէյլի Հանրային կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ (222 E. Harvard. St., Glendale CA 91205) տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ ներկայ իրավիճակին եւ հայութեան հանդէպ Անգարայի քաղաքականութեան նուիրուած հանրային դասախօսական ձեռնարկ մը։
Ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսներն են քաղաքական վերլուծաբաններ Փանոս Թիթիզեան եւ դոկտ. Սինան Պիրտալ, ինչպէս նաեւ՝ իրաւաբան Էտվին Մինասեան։
Մուտքը ազատ է, իսկ աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։