ՊԸՐՊԵՆՔ.- Մայիս 25-28ին տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի երիտասարդական տարեկան 54րդ մարզական համախմբումը, որ կը հանդիսանայ երիտասարդական չորս գլխաւոր ձեռնարկներէն մէկը, անիկա ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ թեմի Երիտասարդաց կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ:
Տարբեր ծխական համայնքներէ երիտասարդներ խումբեր կը կազմեն՝ իրարու դէմ մրցելով քանի մը մարզական խաղերու ընդմէջէն:
Այս տարուան համախմբումի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի աղօթքով եւ քաջալերական խօսքով: Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Երիտասարդաց կեդրոնական վարչութեան, հովուութեամբ՝ Աւետիս քհնյ. Աբովեանի, որ ջանասէր կերպով կը յաջողի տարբեր ձեռնարկներ կազմակերպել՝ ի մի բերելով թեմի երիտասարդները:
Նշեալ երեք օրերուն, երիտասարդներու կողքին էին Աւետիս քհնյ. Աբովեան, Եսայի քհնյ. Պետրոս, Եղիշէ քհնյ. Քսաճիկեան, Զաւէն քհնյ. Մարկոսեան, Մեսրոպ քհնյ. Աշ, իսկ առաջնորդարանէն՝ Վահէ Սարգսեան:
Ձեռնարկին կ՛ուղեկցէին նաեւ ազգային երգն ու պարը: Մշակութային բաժինով իրենց մասնակցութիւնը բերին Սաքրամենթոյի, Օքլընտի, Ֆրեզնոյի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի ծուխերու ներկայացուցիչները, ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղի սկաուտները, Ֆրեզնոյի Հայ պարային ակադեմիան, ինչպէս նաեւ՝ Առաքել Իսայեան, Էնտրու Յակոբեան եւ ուրիշներ:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ մրցանակաբաշխութիւններով եւ ամփոփիչ պարահանդէսով: