ՄԱԿ, «Ազատութիւն».- ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Նիքի Հէյլի 19 Յունիսի յետմիջօրէին յայտարարեց, թէ իր երկիրը որոշած է դուրս գալ ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց խորհուրդէն, պնդելով, որ անիկա կողմնակալ է իր որոշումներուն մէջ, յատկապէս պաղեստինցիներու գծով։
Միացեալ Նահանգներու այս որոշումին յայտարարութենէն առաջ, նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը ՄԱԿի խորհուրդը ամբաստանած էր Իսրայէլի նկատմամբ թշնամական վերաբերում ցուցաբերելու յանցանքով:
Մարդկային իրաւանց միջազգային կազմակերպութիւններ 20 Յունիսին քննադատեցին ամերիկեան որոշումը։
Միջազգային Ներում կազմակերխութիւնը յայտարարեց, թէ որոշումը ցոյց կու տայ, որ Թրամփ «ամբողջութեամբ կ՛անտեսէ մարդկային տարրական ազատութիւնները եւ իրաւունքները պաշտպանելու կարեւորութիւնը»‘ կոչ ընելով Ուաշինկթընի, որ անյապաղ վերամիանայ խորհուրդին։
Իր կարգին, Մարդկային Իրաւանց Դէտ կազմակերպութիւնը շեշտեց. «Նախագահ Թրամփ իր որդեգրած «նախ Ամերիկան» քաղաքականութեամբ որոշած է անտեսել Սուրիոյ եւ Միանմարի (Պուրմա) նման երկիրներու մէջ փոքրամասնութեան դիմագրաւած հալածանքը», շեշտելով, որ ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց խորհուրդը կենսական դերակատարութիւն ունի աշխարհի տարածքին մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներու դէմ պայքարին մէջ։