ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի Քննչական վարչութեան 20-21 Յունիս կատարած խուզարկութիւններուն ընթացքին յայտնաբերած ապացոյցներու հիման վրայ, Ուրբաթ, 22 Յունիսին քրէական գործ յարուցուեցաւ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան ժամանակաշրջանին անոր թիկնազօրի պետ Վաչագան Ղազարեանին նկատմամբ՝ յայտարարագիրներու մէջ կեղծ տուեալներ ներկայացնելու կամ յայտարարագրման ենթակայ տուեալը թաքցնելու, ապօրինի հարստանալու դէպքերու առթիւ:
Քրէական գործի ծիրին մէջ խուզարկուեցան «Եանս» ճաշարանային համալիրի տարածքը, «Սելենա» ընկերութեան տնօրէն Ս. Կարապետեանի, «Սելենա»ի փաստացի սեփականատէր Ռ. Բեգլարեանի բնակութեան վայրերը եւ վերջինիս ինքնաշարժի կանգառի տնակը:
«Սելենա»ի փաստացի սեփականատէր Ռ. Բեգլարեանի (Սերժ Սարգսեանի թիկնազօրի պետ Վաչագան Ղազարեանի կինը) բնակութեան վայրէն յայտնաբերուեցաւ 35 միլիոն դրամ, 1,110,400 տոլար, 230,500 եուրօ, իսկ ինքնաշարժի կանգառի տնակէն՝ 2000 տոլար, «Ֆրանք Միւլլեր» ապրանքանիշի երկու ժամացոյց, «Ռենճ Ռովըր» եւ «Մերսետես Պենզ» մակնիշի մէկական ինքնաշարժ:
Վաչագան Ղազարեան, իբրեւ բարձրաստիճան պաշտօնատար անձ, «Հանրային ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին համաձայն՝ պարտաւոր էր օրէնքով նախատեսուած կարգով բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու վարքի յանձնաժողովին ներկայացնել գոյքի եւ եկամուտներու յայտարարագիրներ:
Սակայն, թէ՛ Վ. Ղազարեանի եւ թէ վերջինիս կնոջ՝ Ռ. Բեգլարեանի յայտարարագիրներուն մէջ կը բացակային նշումներ խուզարկութեամբ յայտնաբերուած, վերը թուարկուած առանձնապէս մեծ չափերու դրամական միջոցներու եւ թանկարժէք իրերու վերաբերեալ: