Պայմանագրային զինծառայող, շարքային Յովհաննէս Մելքոնեանի մահուան դէպքին առիթով, Հայաստանի ՔԿ ԶՔԳՎ հինգերորդ կայազօրային քննչական բաժինի վարոյթին մէջ քննուող քրէական գործով մեղադրանք առաջադրուած է վաշտի հրամանատարի տեղակալին նկատմամբ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան Քննչական կոմիտէի բաժանմունքի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:
Նշենք, որ զինծառայողը զոհուեցաւ 22 Յունիսի ուշ երեկոյեան, մարտական դիրքին մէջ:
Դէպքին առիթով յարուցուած քրէական գործով ձեռնարկուած քայլերուն իբրեւ արդիւնք՝ պարզուած է, որ զօրամասի հրաձգային գումարտակի վաշտի հրամանատարի տեղակալ, հրամանատար Ս. Կարապետեան, ընդգրկուած ըլլալով մարտական հերթապահութեան զօրամասի պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքին մէջ իբրեւ յենակէտի պատասխանատու՝ վատնած է ծառայողական օգտագործման համար դիրքի անձնակազմին տրամադրուած, ռազմամթերք հանդիսացող փամփուշտները: 22 Յունիս 2018ին, երեկոյեան ժամը 6ի սահմաններուն, գտնուելով ոգելից խմիչքի ազդեցութեան տակ՝ դիրքի կացարանի զինաբուրգէն վերցուցած է ինքնաձիգ եւ դիրքի խոհանոցի յարակից տարածքին վրայ, առանց որեւէ հիմնաւոր պատճառի, կրակոցներ արձակած է օդը. նոյնը կրկնուած է նաեւ ժամը 9ի սահմաններուն: Այնուհետեւ, ժամը 10:50ի սահմաններուն, հրամանատարը կրկին զինաբուրգէն վերցուցած է նոյն դիրքին մէջ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող պայմանագրային զինծառայող Հ. Դարբինեանի ամրակցուած ինքնաձիգը եւ խոհանոցի յարակից տարածքին մէջ՝ արձակած է անկանոն կրակոցներ, որուն հետեւանքով զոհուած է իրմէ քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող, մարտական դիրքին մէջ հերթապահութիւն իրականացնող, պայմանագրային զինծառայող, շարքային Յովհաննէս Գրիշա Մելքոնեան:
Ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու հիման վրայ՝ հրամանատարին նկատմամբ առաջադրուած է մեղադրանք՝ Հայաստանի քրէական օրէնսգրքի 371րդ յօդուածի 2րդ եւ 373րդ յօդուածի 3րդ մասերով:
Ծանօթ.- Ենթադրեալ յանցանքին մէջ կասկածելին կամ մեղադրեալը կը համարուի անմեղ, քանի դեռ անոր մեղաւորութիւնը ապացուցուած չէ Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքով սահմանուած կարգով՝ դատարանի օրինական ուժի մէջ մտած դատավճիռով: