«Արմէնփրես»ը կը հաղորդէ, թէ Ալպանիոյ, Թուրքմենիստանի, Լիբանանի եւ Գանատայի քաղաքացիներուն համար Հայաստան 10 Յուլիս 2018էն սկսեալ պիտի կիրարկէ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութիւն: Այս մասին որոշումի նախագիծը ընդգրկուած էր կառավարութեան 28 Յունիսի նիստի օրակարգին վրայ:
Որոշումին ընդունումը թոյլ կու տայ վերոյիշեալ պետութիւններու քաղաքացիներուն այցելել եւ մնալ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ առաւելագոյնը 180 օր ժամկէտով՝ մէկ տարուան ընթացքին:
«Այս ո՛չ միայն կը նպաստէ զբօսաշրջութեան խրախուսման ու խթանման, այլ նաեւ նոր սկիզբ կը հանդիսանայ ժողովուրդներու հոգեւոր եւ պատմամշակութային արժէքներու փոխադարձ ճանաչման, երկկողմ համագործակցութեան, շարք մը նոր մարզերու ուրուագծման եւ զարգացման համար», նշուած է նախագիծի հիմնաւորումին մէջ: