ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մէջ, Եւրոպական միութեան պատուիրակութիւնը եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Դաւիթ Սարգսեանին հետ միասին, Յունիս 27ին ներկայացուցին Together4Armenia («Միասին՝ յանուն Հայաստանի») հարթակին նոր ձեւաչափով վերարտադրուած տարբերակը (www.Together4Armenia.am): Նորացուած հնարաւորութիւններով սոյն հարթակին նպատակը՝ աշխարհի տարբեր երկիրներ բնակող հայ փորձագէտներուն եւ Հայաստանի համայնքներուն ու հասարակական կազմակերպութիւններուն միջեւ արդիւնաւէտ ու տեւական կապ ձեւաւորելն է:
Together4Armenia-ն կամուրջ կը հանդիսանայ Հայաստանի տեղական նախաձեռնութիւններուն եւ Սփիւռքի հայ մասնագէտներու միջեւ, որոնք պատրաստ են իրենց գիտելիքները ծառայեցնելու Հայաստանի մարզերու զարգացման ի խնդիր:
Վերափոխուած հարթակը աւելի պարզ ու յարմար է օգտագործման համար: Անիկա ունի որոնման եւ առցանց հաղորդակցութեան համակարգեր, որոնք կ՛օգնեն համայնքային ծրագիրներու պահանջներուն համապատասխան մասնագէտներ գտնելու արագօրէն, եւ անմիջական կապ կը ստեղծեն երկու կողմերուն միջեւ:
«Together4Armenia հարթակը կը խթանէ գիտելիքի եւ փորձի փոխանցումը եւ բարի կամքի դրսեւորումը, ինչ որ մեծապէս կարեւոր է Հայաստանի զարգացման ներկայ փուլին: Մենք լիայոյս ենք, որ այս հարթակին միջոցով, Սփիւռքի լաւագոյն մասնագիտական ներուժը պիտի օգնէ ամրապնդելու Հայաստանի համայնքները՝ առաւել ապահով եւ բարեկեցիկ միջավայր ստեղծելով հայ ընտանիքներուն եւ անոնց երեխաներուն համար», նշած է Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖի ներկայացուցիչ Դանիա Ռատոչա:
2016էն ի վեր, Սփիւռքէն աւելի քան 60 մասնագէտներ այս անվճար հարթակին միջոցով իրենց փորձը փոխանցած են Հայաստան ապրող շուրջ 2100 բնակիչի: Անոնց մասնակցութիւնն ու խորհրդատուութիւնը կ՛օգնեն լուծումներ գտնելու համայնքային տարբեր խնդիրներու եւ նոր շունչ հաղորդելու ամենատարբեր ոլորտներու զարգացման:
«Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան համար աւելի հզօր Հայաստան կառուցելու նախապայմաններից մէկը բազմակողմանի զարգացած եւ աշխոյժ քաղաքացիական հասարակութիւն ունենալն է: Մենք հաւատացած ենք, որ Սփիւռքի մասնագէտների ներուժը Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման գործում ներգրաւելը բացառի՛կ հնարաւորութիւն է, որը կը նպաստի նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ երկարաժամկէտ կապերի հաստատմանը: Սրանք ՀԲԸՄ Հայաստանի այն կարեւորագոյն երկու նպատակներն են, որոնց իրականացման համար կարեւոր հարթակ է հանդիսանում Together4Armenia-ն», իր կարգին նշած է ՀԲԸՄ Հայաստանի «Կամուրջ» ծրագիրի ղեկավար Արսէն Ստեփանեան:Այցելելով www.Together4Armenia.am կայքը կամ www.facebook.com/Together4 Armenia/ դիմատետրի էջը՝ կարելի է հետեւիլ փորձագէտներուն եւ ծրագիրերու նորութիւններուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.