ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի ժողովը տեղի ունեցաւ 26էն 27 Յունիսին, ՄԱԿի Ժընեւի կեդրոնին մէջ: Ժողովին ներկայ էին Ընկերվար միջազգայնականի անդամ կուսակցութիւններու պատուիրակութիւններ եւ հրաւիրեալներ, որոնք կը ներկայացնէին աշխարհի տարբեր ցամաքամասերը:
Ժողովականները քննարկեցին երեք գլխաւոր նիւթեր՝ «Ընկերվար ժողովրդավարութեան ներդրումը հակամարտութիւններու լուծման եւ միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան մէջ», «Յաղթահարել աշխարհի դիմագրաւած ժողովրդավարութեան մարտահրաւէրները՝ ա-պահովելու համար բոլորի ազատութիւններն ու իրաւունքները» եւ «Մեր արժէքներուն եւ սկզ-բունքներուն համապատասխան արձագանգել համաշխարհային գաղթին եւ գաղթականներու ներկայ վիճակին»:
Ժողովի բացուման խօսք առին Ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալա, ՄԱԿի Ժընեւի գրասենեակի ընդհանուր քարտուղար Մայքըլ Մոլլեր եւ Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ Ճորճ Փափանտրէու:
Խորհուրդի նիստին նախորդող օրերուն տեղի ունեցած էր Ընկերվար միջազգայնականի նախագահութեան նիստը, որուն մասնակցած էր Մարիօ Նալպանտեան՝ իբրեւ կազմակերպութեան փոխնախագահներէն մէկը: Ան նաեւ մասնակցած էր կազմակերպութեան ֆինանսական եւ կազմակերպչական յանձնախումբի ժողովին:
Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդը որդեգրեց շարք մը բանաձեւեր, որոնց շարքին՝ մէկական բանաձեւ քիւրտ եւ պաղեստինցի ժողովուրդներուն մասին:
Ժողովի վերոյիշեալ օրակարգին վրայ Մարիօ Նալպանտեան, խօսք առնելով՝ յայտնեց, որ Հայաստան եւ իր ժողովուրդը վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ ցոյց տուին հասուն ժողովրդավարութեան ըմբռնում եւ գործընթաց: Ան հաստատեց, որ Հայաստան տակաւին կը դիմագրաւէ մարտահրաւէրներ, ինչպէս՝ իրաւական պետութեան, տնտեսական զարգացման եւ ընկերային արդարութեան հաստատումը: Նալպանտեան աւելցուց, որ սահմանադրական փոփոխութիւնները եւ խորհրդարանական վարչաձեւի հաստատումը երաշխաւորեցին երկրին մէջ քաղաքական տագնապին հեզասահ եւ խաղաղ լուծումը:
Իսկ 28էն 29 Յունիսին, Վերա Եագուպեան մասնակցեցաւ Կանանց Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի ժողովին, ուր քննարկուեցաւ «2030ին 50-50 աշխարհի համար: Մեծ մարտահրաւէրներ» օրակարգը:
Ժողովներուն ընթացքին, ՀՅԴ պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ բազմաթիւ այլ պատուիրակութիւններու հետ:
Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի նիստին առիթով հրապարակուեցաւ նաեւ կազմակերպութեան նախորդ՝ Նոյեմբեր 2017ի խորհուրդի նիստէն ի վեր կազմակերպութեան տարբեր կառոյցներու աշխատանքի եւ յայտարարութիւններու մասին ամբողջական փաստաթուղթ մը: Այդ փաստաթուղթին մէջ տեղ գտաւ նաեւ Ընկերվար միջազգայնականի ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւ ծովու շրջանային յանձնախումբի մասին լրատուութիւնն ու յանձնախումբի յայտարարութիւնը: Այդ ժողովը գումարուած էր 25էն 26 Մայիսին, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: ՀՅԴի կողմէ այդ ժողովին մասնակցած էին յանձնախումբի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Արմէն Ռուստամեան եւ Կիրօ Մանոյեան: Ժողովին ընտրուած էր յանձնախումբի նոր նախագահութիւն, եւ ՀՅԴն թեկնածու չէր առաջարկած: Յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ մէկ պարբերութեամբ անդրադարձ կայ Հայաստանի ներքաղաքական իրադարձութիւններուն: Յանձնախումբի յայտարարութիւնը այդ մասին կ՛ըսէ. »Հայաստանի մէջ կացութեան վերաբերեալ, յանձնախումբը իր զօրակցութիւնը յայտնեց ժողովրդային շարժումին եւ գնահատեց բոլոր կողմերը՝ տեղի ունեցած խաղաղ իշխանափոխութեան համար՝ յոյս յայտնելով, որ գործընթացը շարունակուի՝ հիմնուած երկրի սահմանադրութեան վրայ: Յանձնախումբը զօրակցութիւն յայտնեց Հայաստանի մէջ Ընկերվար միջազգայնականի անդամ կուսակցութեան‘ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, պետական կառավարումը բարեփոխելու իր հետեւողական ջանքին համար, որուն նպատակն է խորհրդարանական համակարգի հաստատումը, ուր իշխանութեան երեք թեւերուն՝ օրէնսդիրին, գործադիրին եւ արդարադատութեան միջեւ լիազօրութիւններու բաժանումը ամբողջական է: Այս տեսանկիւնէն, յանձնախումբը կը զօրակցի իր անդամ կուսակցութեան՝ անօրէն մենաշնորհներու եւ փտածութեան դէմ, ինչպէս նաեւ ի նպաստ ընկերային արդարութեան, խորհրդարանական ընդդիմութեան յաւելեալ լծակներուն, աւելի ապակեդրոնացած կառավարման համակարգի եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ աւելի բաց, թափանցիկ եւ հաշուետու կառավարման համար պայքարին մէջ«: