ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ցաւով կը գուժէ շրջանիս վաստակաւոր ընկերներէն Մհեր Շխրտմեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 6 Յունիս 2018ին, Ֆրեզնոյի մէջ:
Ազգային եւ կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ վարած ընկեր Շխրտմեան մեծ վաստակ ունի համայնքիս կազմակերպման մէջ:
Կեդրոնական կոմիտէն իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ ողբացեալ ընկերոջ ընտանիքին եւ իր գաղափարակից ընկերներուն:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ