ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, 12 Յուլիսին տեղի ունեցաւ խորհրդարանի նախագահական ընտրութիւնը եւ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ 3րդ հանգրուանին կրցաւ 335 քուէ ստանալ, ընտրուելով խորհրդարանի նախագահ։ Քուէարկութեան մասնակցեցան 584 պատգամաւորներ:
Խորհրդարանին մէջ ներկայացուած 5 կուսակցութիւններէն 4ը թեկնածուներ առաջադրած էին:
Արդիւնքի յայտարարութենէն ետք, Եըլտըրըմ ամպիոն բարձրացաւ եւ շնորհակալութեան ուղերձ արտասանեց՝ պնդելով, որ 24 Յունիսի ընտրութիւններով Թուրքիոյ խորհրդարանը քայլ կ՛առնէ դէպի նոր վարչաձեւ մը, որուն մէջ խորհրդարանի պաշտօնն ու պատասխանատուութիւնները պիտի բազմապատկուին։