
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին նուիրուած մայրաքաղաք Ուաշինկթընի տօնակատարութեանց նախօրեակին Ուաշինկթըն ժամանած Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի՝ Լէօ Սարգիսեանի եւ Յովիկ Սաղտճեանի անուան ամառնային վարժողական ծրագիրներու մասնակիցները, առիթը ունեցան գործնական դերակատարութիւն ունենալու Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքական, դիւանագիտական եւ մշակութային յարաբերութիւնները սերտացնելու ջանքերուն մէջ։
Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէ ժամանած երիտասարդները առիթը ունեցան հանդիպելու Ուաշինկթըն այցելած Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ, ծանօթանալու «Սմիթսոնիըն» թանգարանին մէջ Հայաստանի նուիրուած ցուցահանդէսի արուեստագէտներուն, ինչպէս նաեւ ամերիկահայութեան մտահոգութիւններուն եւ առաջնահերթութիւններուն մասին զրուցելու քոնկրեսականներու հետ։
Հայ Դատի վարժողական ծրագիրներու մասնակիցները նաեւ Փենսիլվանիա մեկնեցան՝ մասնակցելու Համազգայինի կազմակերպած «ԱրթԼինքս» դաստիարակչական ձեռնարկին, որ իրականացաւ «Քոլոմպիա» համալսարանի դասախօս դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանի առաջնորդութեամբ։ Անոնք նաեւ ներկայ եղան Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած եւ ՀՄԸՄի հարիւրամեակին նուիրուած տօնակատարութեան։
2018Ի ԼԷՕ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
ԱՆՈՒԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻ
ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ
ԼԻԼԻԹ ԲԱԶԻԿԵԱՆ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղի երրորդ տարուան ուսանող է՝ մասնագիտանալով ուսողութեան մէջ. նպատակ ունի տնտեսագիտութեան մէջ շարունակելու իր մասնագիտութիւնը։ Ան անցեալին մասնակցած է Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրին եւ արժանացած է անոր «Երիտասարդ Գործիչ» մրցանակին։
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՔԷՉԷՃԵԱՆ.- Երրորդ տարուան ուսանող է Պոսթընի համալսարանին մէջ, տնտեսագիտական մասնագիտութեամբ, եւ գործօն անդամ է համալսարանի շարք մը ակումբերու։ Ան մասնակցած է ՀԵԴի «Հայաստան» ճամբարին՝ իբրեւ բանակող, եւ երկու տարի եղած է ճամբարի խոհրդատուներէն։ Աանդամ է իր համալսարանին Հայ ուսանողական միութեան եւ ՀԵԴի Մեծն Պոսթընի «Նժդեհ» ուխտին։

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղի աւարտական տարուան ուսանող է եւ կը մասնագիտանայ պատմութեան ու քաղաքական գիտութեան ճիւղերուն մէջ. նոյն համալսարանէն ներս գործող հայկական «Ալֆա Էփսիլոն Օմեկա» ակումբի նախագահն է, ինչպէս նաեւ՝ Հայ ուսանողական միութեան անդամ։ Երկար տարիներէ ի վեր նաեւ անդամ է ՀԵԴ Փասատինայի «Նիկոլ Դուման» ուխտին։
ՎԻՔԹՈՐԻԱ ՄԻՍԻՔԵԱՆ.- «Ֆորտըմ» համալսարանի երրորդ տարուան ուսանող է եւ կը մասնագիտանայ միջազգային ուսմանց ճիւղին մէջ, իբրեւ երկրորդական մասնագիտութիւն ունենալով սպաներէնը։ Ան միշտ գործօն անդամ եղած է հայ համայնքէն ներս, իսկ 2015ին, իր երկորդական վարժարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած հաւաք մը կազմակերպած էր։ 2016ին, Նիւ Ճըրզիի համալսարանին մէջ հիմնած է Հայկական ակումբը եւ ստանձնած անոր ղեկը։
ԼՈՒՍԻՆ ՄԻԽԱՆԱՃԵԱՆ.- հասակ նետած է Օրենճ Քաունթիի մէջ եւ վերջերս Պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ռիվըրսայտի մասնաճիւղէն՝ հանրային քաղաքականութեան մասնագիտութեան մէջ։ Ան եղած է իր համալսարանի հանրային քաղաքականութեան ներկայացուցիչը եւ վարժողական ծրագիրի մը մասնակցած է Ռիվըրսայտի քաղաքապետի գրասենեակին մէջ։
ԱՏՐԻՆԷ ԹԱԶԵԱՆ ՇՈՒԱՐՑ.- Ինտիանայի համալսարանի Պլումինկթընի մասնաճիւղի աւարտական տարուան ուսանող է՝ մասնագիտանալով տնտեսագիտութեան եւ տեղեկատուական գիտութեանց մէջ։ Ան, իր ընտանիքին օրինակով, կը փափաքի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ճամբով նպաստել Հայկական Հարցի արդար լուծման։
2018Ի ՅՈՎԻԿ ՍԱՂՏՃԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ «ՔԵՓԻԹԸԼ ԿԷՅԹՈՒԷՅ» ԾՐԱԳԻՐԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ
ԺԻՐԱՅՐ ԱՇՈՏԵԱՆ.- Իրաւաբանութեան ճիւղին մէջ մասնագիտանալու պատրաստուող ուսանող է «Փեփըրտայն» համալսարանէն, ուր այժմ կը մասնագիտանայ քաղաքական գիտութեան եւ իմաստասիրութեան մէջ։ Ան անդամ է համալսարանի ուսանողական կառավարութեան եւ Հայ ուսանողական միութեան, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ ակումբներու։

ՀԱՅԿ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ.- «Ճորճթաուն» համալսարանի երրորդ տարուան ուսանող է՝ մասնագիտանալով ուսողութեան եւ իմաստասիրութեան մէջ, իբրեւ երկրորդական մասնագիտութիւն ունենալով տնտեսագիտութիւնը։ Ան եղած է համալսարանի գիտական թերթի խմբագրական կազմի անդամ եւ համահիմնադիրներէն մէկը՝ համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան, դառնալով անոր նախագահը։
ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ
ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ՝
2018Ի ՅՈՎԻԿ ՍԱՂՏՃԵԱՆԻ
ԱՆՈՒԱՆ «ՔԵՓԻԹԸԼ
ԿԷՅԹՈՒԷՅ» ԾՐԱԳԻՐԻ
ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ
ՍԵՒԱՆԱ ՏՈՄՊԱԼԱԿԵԱՆ.- 11րդ դասարանի աշակերտ է «Կլենպրուք» վարժարանին մէջ եւ անդամ է ՀԵԴի Շիքակոյի «Արարատ» ուխտին եւ Համազգայինի պարախումբին, նաեւ կամաւոր սպասարկութիւն կը մատուցէ Կլենվիուի (Իլինոյ) Դանիէլ Վարուժան հայկ. վարժարանին։ Վերջին 6 տարիներուն մասնակցած է ՀԵԴի «Հայաստան» ճամբարին։

ՅԱՍՄԻԿ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ.- Վըրճինիայի Քլիֆըն քաղաքի «Սենթըրվիլ» երկրորդական վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտ է. վերջին 7 տարիներուն անդամ եղած է ՀԵԴ Ուաշինկթընի «Սեւան» ուխտին՝ ըլլալով անոր ատենապետն ու գանձապահը։
ՄԷՅԿԸՆ ՎԱՆՏՐԷ.- Վըրճինիայի «Լենկլի» երկրորդական վարժարանի 11րդ դասարանի աշակերտ է եւ անդամ անոր երգչախումբին։ Ան շրջանաւարտ է Մերիլենտ նահանգի Պըթեստա քաղաքի Համաստեղ վարժարանէն, եւ կը փափաքի Հայ Դատին նեցուկ կանգնիլ՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին միջոցաւ։