
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուիրուած իր քառահատոր աշխատասիրութեամբ ծանօթ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, Հանրապետութեան 100ամեակին նուիրուած շարք մը խորհրդաժողովներու մասնակցած է աշխարհի տարածքին։
Սկսկելով Մարտէն՝ ան դոկտոներներ Ռուբինա Փիրումեանի եւ Վիգէն Չեթեանի հետ մասնակցած է Գանատայի «ՄըքԿիլ», «Քարլըթըն» եւ Թորոնթոյի համալսարաններուն մէջ կայացած՝ «Ցեղասպանութենէն պետականութիւն» խորագրուած գիտաժողովներուն, որոնք հովանաւորուած էին Քեպեքի եւ Օնթարիոյի Հայ ուսանողական միութիւններուն կողմէ։ Ապա, ան Լիբանան մեկնած է մասնակցելու համար Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ կայացած եռօրեայ խորհրդաժողովին, որ նուիրուած էր հայերէնի պաշտպանութեան, եւ Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ արժանացած էր «Կիլիկիոյ Իշխան» շքանշանին։
Ապրիլին, փրոֆ. Յովհաննէսեան մասնակցեցաւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ կայացած եւ նոյն համալսարանին ու ՀԲԸՄին միացեալ ջանքերով կազմակերպուած դասախօսական երեք ձեռնարկներու։ Նոյն ամսուան ընթացքին, ան մեծարուեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորուրդին կողմէ (Փօլ Գրիգորեանի առաջարկով), ինչպէս նաեւ՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիր մարմինին կողմէ (Ատրին Նազարեանի, Լօրա Ֆրիտմընի, Սքաթ Ուինըրի, Էնթընի Փորթանթինոյի եւ այլոց առաջարակով), կրթական, քաղաքացիական մարզէն ներս իր սպասարկութեանց համար։
Մայիսի սկիզբը, փրոֆ. Յովհաննէսեան մեծարուեցաւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին եւ Նիւ Եորքի «Քոլոմպիա» համալսարանին կողմէ՝ ՀՅԴի, Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութեան, «Արմինիըն Ռիվիու» թերթին եւ հիւրընկալ հաստատութիւններուն կողմէ։ Այդ ձեռնարկներուն ընթացքին ան խօսեցաւ 50 տարիներու իր ուսումնասիրութեանց մասին՝ կեդրոնանալով յատկապէս Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առընչուող աշխատանքին վրայ։ Դարձեա՛լ, Մայիսին, ան գլխաւոր բանախօսն էր Երեւանի մէջ կայացած եւ Հայաստանի Գիտութեանց ակադեմիոյ կազմակերպած գիտաժողովին ընթացքին, որ նուիրուած էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին։
Մայիսին, փրոֆ. Յովհաննէսեան նաեւ Թիֆլիս այցելած էր, մասնակցելու «Իլիա» համալսարանին մէջ կազմակերպուած եւ Վրաստանի հանրապետութեան 100ամեակին նուիրուած գիտաժողովի մը՝ քննարկելով այդ շրջանին Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւնները։ Յունիսի վերջաւորութեան, ան Վրաստան վերադարձած էր, այս անգամ մասնակցելու համար մէկ շաբաթեայ խորհրդաժողովի մը, որ նուիրուած էր Վրաստանի եւ Կովկասի հանրապետութեանց։
Հայաստան եւ Վրաստան իր այցելութեանց ընթացքին, ան նաեւ շարք մը հարցազրոյցներ ունեցած է պատկերասփիւռի, ձայնասփիւռի, թերթերու եւ այլ լրատուամիջոցներու հետ։

Այս ճամբորդութիւններուն միջեւ Լոս Անճելըս գտնուած օրերուն, փրոֆ. Յովհաննէսեան, որ կր շարունակէ իր սպասարկութիւնները մատուցել Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ եւ «Չեփմըն» համալսարաններուն մէջ գործող ծրագիրներու ընդմէջէն, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ներկայացումներ կատարած է Կլենտէյլի եւ Լա Քրեսենթայի վարժարաններուն մէջ ընկերային ուսմանց դասատուներուն, ինչպէս նաեւ՝ Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի բոլոր վարժարաններու տնօրէններուն։ Ան նաեւ առաջնորդած է «Մեր պատմութեան եւ մենք մեզի դէմ յանդիման» կազմակերպութեան աշխատանիստ մը եւ ներկայացում տուած է Ուիթիըրի հանրային գրադարանին մէջ, որ այս տարի, իբրեւ համայնքին կողմէ ընթերցուելիք հատոր ընտրած էր Ալինա Յովհաննէսեանի «Օրհանի Ժառանգութիւնը» հատորը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան կ՛առնչուի։