ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, Յուլիս 19ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկս-եալ, Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան կեդրոնի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ արդի արհեստագիտութեան զարգացման նուիրուած քննարկում մը։
Ձեռնարկի բանախօսն է դոկտ. Աշոտ Արզումանեան, որ պիտի քննէ Հայաստանը արդի արհեստագիտութեան համաշխարհային կեդրոններէն մէկը դարձնելու կարելիութիւնները, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ այս մարզին մէջ յատկանշական յառաջդիմութիւն արձանագրուած է երկրին մէջ։
Դոկտ. Աշոտ Արզումանեան համահիմնադիրն է Հայաստանի մէջ արդի արհեստագիտութեան նեցուկ կանգնող՝ «SmartGateVC» հաստատութեան։
Ներկայացման մուտքը ազատ է, սակայն կը խնդրուի կանխաւ տեղեր ապահովել՝ դիմելով events@aesa.org հասցէին:
Իրանահայ միութեան կեդրոնի հասցէն է՝ 117 S. Louise Street, Glendale, CA 91205: