ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկը (ABMDR) կը տեղեկացնէ, թէ յաջորդական հինգերորդ տարին ըլլալով, Երեւանի մէջ գործող իր դարմանատան արտօնագիրը բարձր արժեւորումով նորոգուած է այդ մարզի եւրոպական մարմինին կողմէ, որուն քննիչները արդիւնքը հրապարակած են Յուլիս 6ին, մանրազնին քննութիւններէ ետք։
Այս տարուան քննիչները եղած են այդ մարզի հեղինակաւոր մասնագէտեր փրոֆ. Մարիա Կուատալուփէ (Սպանիա) եւ փրոֆ. Թէօտորա Քերամիթօղլու (Յունաստան)։
Անոնք իրենց զեկուցումին մէջ նշած են, որ Երեւանի կեդրոնին գործունէութիւնը կը համապատասխանէ եւրոպական չափանիշներուն եւ կը գտնուի Եւրոպայի լաւագոյն դարմանատուներու մակարդակին վրայ։
Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկի Երեւանի դարմանատունը իր տեսակին մէջ միակն է՝ ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ ամբողջ Կովկասի մէջ։
Հիմնարկի նախագահ դոկտ. Ֆրիտա Ճորտըն յոյժ կարեւոր համարեց դարմանատան արտօնագիրին բարձրորակ նորոգութիւնը, ինչի շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ կազմակերպութեան փրկարար աշխատանքները անխաբան շարունակել։
Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկին գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ անոր աջակցելու համար, դիմել (323) 633-3609 թիւին, կամ այցլել www.abmdr.am կայքը։