ՍԱԼԲԻ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Որբերեան Ռիթայի յօդուածը՝ «Նիկոլ Աղբալեանի Դասախօսութիւններու Հաւաքածոն՝ «Հայ Մատենագրութեան Մասին»» («Ասպարէզ», Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018, էջ 2, «Կիզակէտ»), ոչ միայն ներշնչարան է մեր նախորդ սերունդի անկրկնելի ղեկավարներուն հանդէպ, այլ նաե՛ւ ուսանելի՝ ներկայ կրտեսր սերունդին՝ որպէս ծանօթացում նախորդ սերունդի ղեկավարման ձեւին ե՛ւ համեստութեան։
Թելադրանքս է, կրկի՛ն ու կրկին կարդալ Ռ. Որբերեանի յօդուածը՝ գրուած հմտութեամբ եւ խոր ապրումով։
Երանի՜ յաճախ կարդանք Որբերեան Ռիթայի տեսանկիւնէն դիտուած ներհուն վերլուծումով գնահատական կամ քննադատական յօդուածները։
Վայելքը՝ մերն է, ընթերցողներո՛ւս։
Շնորհակալութիւն՝ յարգելի ու սիրելի Ռիթա Որբերեանին. ինչպէս նաեւ՝ «Ասպարէզ» օրաթերթին։