ՖՐԵԶՆՕ.- Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան տուն-թանգարանին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 31ին, որ Սարոյեանի ծննդեան 110րդ տարեդարձն է:
Այս առիթով, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի ուսանողական կեդրոնի սրահին մէջ (2576 E. San Ramon Ave, Fresno, CA 93740) տեղի պիտի ունենայ ցուցահանդէս մը, որուն բացումը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 31ին, երեկոյեան ժամը 6։30ին, եւ ընթացքին պիտի կատարուի Ուիլեըմ Սարոյեանի ու անոր տուն-թանգարանի ծրագիրին նուիրուած վաւերագրական ֆիլմի մը ցուցադրութիւնը։
Ցուցահանդէսի աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։ Մուտքը ազատ է, սակայն կը խնդրուի նախապէս արձանագրուիլ՝ այցելելով http://saroyanhouse.com կայքը։
Արդէն իսկ իրենց վերջին հանգրուանին հասած են թանգարանի պատրաստութեան աշխատանքները, որոնց շնորհիւ՝ Սարոյեան, ինչպէս նաեւ անոր գործերու հերոսները պիտի «վերակենդանանան» Սարոյեանի ծննդավայր Ֆրեզնոյի մէջ:
Հեղինակի մը աւանդական տուն-թանգարանը ըլլալուն կողքին, «Սարոյեանի Տուն»ը պիտի ունենայ ամերիկահայ յայտնի գրողին գործերուն, լուսանկարներուն եւ նկարչութեան թուայնացած մեծագոյն արխիւը:
Տուն-թանգարանին հասցէն է՝ 2729 W. Griffith Way, Fresno, CA 93705:
«Վերածնունդ» հիմնարկի հիմնադիր Արթուր Ջանիբեկեանի նախաձեռնած այս ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.facebook.com/saroyanhouse կայքէջը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել info@irf.am կամ barlowd@csufresno.edu հասցէներուն, կամ՝ (559) 360-5058 թիւին։