«Արմէնփրէս»ը, վկայակոչելով ռուսական «Առաջին Ալիք»ը՝ կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ գտնուող Հմէյմիմ ռուսական ռազմակայանին մէջ, 12 Յուլիսին վայրէջք կատարեց Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան օդանաւը, որուն միջոցաւ Հայաստանէն ուղարկուած է առաւել քան 30 թոն մարդասիրական օգնութիւն, յատկապէս բրինձ, ձաւար եւ ձէթ:
Այդ օգնութիւնը պիտի տրամադրուի այն փախստականներուն, որոնք կը վերադառնան ազատագրուած քաղաքներ եւ գիւղեր: Օգնութենէն մաս մը պիտի տրամադրուի նաեւ Սուրիոյ հեռաւոր շրջաններուն:
Յառաջիկային կը սպասուին նաեւ քանի մը թռիչքներ, ընդհանուր առմամբ, Սուրիա պիտի հասնին 100 թոն մթերք եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ: