ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».- Գիւմրիի մարզային եւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչները Չորեքշաբթի, 18 Յուլիսին դիմաւորեցին մարսէյաբնակ հայազգի լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանը, որ Մարսէյէն վազելով հասած էր Հայաստան:
2016ին, աշխարհի ամէնէն բարձր գագաթը՝ Էվերեսթը նուաճելէ ետք հայազգի լեռնագնացը նոր մարտահրաւէր մը դրած է իր առջեւ՝ Մարսէյէն վազքով հասնիլ Հայաստան, յաղթահարելով 5000 քիլոմեթր հեռաւորութիւն: Վազքը սկսաւ Ապրիլի սկիզբը: Վազելով օրական 50 քիլոմեթր՝ Արա Խաչատուրեան եզրափակեց իր խաղաղութեան մարաթոնը Երեւանի մէջ: «Ուզեցի վազել յանուն խաղաղութեան, կոչ ընել, որ ոչ մէկ տեղ պատերազմ ըլլայ: Նպատակս է նաեւ երիտասարդներուն ըսել, որ եթէ նպատակ կամ երազներ ունիք, ձգտելով անոնց՝ կրնաք հասնիլ անոնց», յայտնեց Խաչատուրեան:
Էվերեսթի գագաթը հասնելէ ետք, Խաչատուրեան որոշեց նամակ մը գրել Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչով: Սակայն, Թուրքիայէն անցած ժամանակամիջոցին, նախագահական ընտրութիւնները տակաւին չէին կայացած, եւ չիմանալով, թէ ով պիտի ըլլայ երկրի նախագահ, Արան այդ նամակը Թուրքիոյ նախագահին չուղարկեց:
«Բայց պիտի յանձնեմ, յաջորդ անգամ, երբ երթամ Թուրքիա: Եթէ պէտք ըլլայ 5 կամ 10 տարի ալ կը փորձեմ», ըսաւ մասնագիտութեամբ ոսկերիչ լեռնագնացը: