ԵՐԵՒԱՆ.- 17 Յուլիսին, Երեւանի կեդրոնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանի բացումը: «Արամ Մանուկեանի արձանի տեղադրման նախաձեռնութիւնը ՀՅԴինն է, բայց դիրքի որոշումը տրուած է համապատասխան պատկան մարմիններու հետ քննարկումներէ եւ խորհրդակցութիւններէ ետք», «Առաջին Լրատուական»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան: «Մենք ըսած ենք, որ մեր պատկերացումով՝ Արամ Մանուկեանի արձանի տեղադրման ճիշդ վայրը Հանրապետութեան հրապարակն է, բայց փորձած ենք նաեւ մասնագէտներու նկատառումները հաշուի առնել», ընդգծեց ան:
Արսէն Համբարձումեան նաեւ նշեց, որ հետեւողական պէտք է ըլլալ եւ Արամ Մանուկեանի տունը վերածել թանգարանի:
Անդրադառնալով յառաջիկայ արտակարգ ընտրութիւններուն վերաբերեալ դիտարկումին, որ սովորաբար կը յաղթեն այն ուժերը, որոնք կ՛իրականացնեն յեղափոխութիւնը, իսկ ՀՅԴն այդ ցանկին մէջ չէ՝ Համբարձումեան նշեց. «Կայ փոխուած իրողութիւն, բայց մենք ընտրական գործընթացին պիտի մասնակցինք առանձին՝ մեր ծրագիրով: Մեր ընտրազանգուածը կայուն է»: