ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու քաղաքական թեւը՝ Սուրիոյ ժողովրդավարական խորհուրդը, յայտարարեց, որ Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ կառավարութեան հետ իր ունեցած ժողովներուն ընթացքին որոշուած է տարբեր մակարդակներու վրայ յանձնախումբեր կազմել՝ «պատերազմին վերջ տալու» եւ զարգացնելու համար երկու կողմերուն միջեւ գործակցութիւնը:
Խորհուրդը յայտնեց, որ Դամասկոսի հետ իր գումարած ժողովներուն նպատակը աւելի լայնածաւալ ու համապարփակ երկխօսութեան ճամբան հարթելն է՝ լուծելու համար բոլոր առկախ հարցերը: Խորհուրդը նշեց նաեւ, որ կառավարութեան հետ երկխօսութիւնը պիտի նպաստէ սուրիացի ժողովուրդը ուժասպառ ըրած պատերազմին վերջ տալու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ՝ «դէպի ապակեդրոնացեալ եւ ժողովրդավար Սուրիա առաջնորդող ճամբու քարտէս մը պատրաստելու» աշխատանքին: