ԷՐՊԻԼ.- Քրտական «Ռուտաու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գործող քիւրտերու ղեկավարութեամբ՝ «Ժողովրդավարական հասարակութիւն» շարժումի համանախագահ Ալտար Խալիլ յայտնեց, թէ քիւրտ մարտիկները պատրաստ են Անգարայի հետ գործակցող ահաբեկչական խմբաւորումները վտարելու հիւսիսային Սուրիոյ Իտլիպ նահանգէն:
«Եթէ կրցանք համաձայնութիւն գոյացնել, հիւսիսային Սուրիոյ ազատագրման մէջ առանցքային դեր խաղալու, պատրաստ ենք գործակցելու ազատագրական որեւէ ուժի հետ: Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող մեր ուժերուն կացութիւնը, զանոնք կարող կը դարձնէ այդ դերը կատարելու», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս»ը կը հաղորդէ, որ այժմ ահաբեկչական խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի բնակիչները շրջանէն դուրս կու գան Ապու Տուհուր աւանին մէջ ռուս զինուորներու կազմակերպած մարդասիրական միջանցքին ճամբով:
«Մօտէն կը գործակցինք Իտլիպի նահանգապետին հետ։ Ստեղծուած է յատուկ յանձնախումբ մը, որ կը զբաղի գաղթականներու վերադարձի եւ փաստաթուղթերու ստուգման հարցերով: Բազմաթիւ մարդիկ կը վերադառնան», պատմեց Հալէպի նահանգին մէջ Գաղթականներու ընդունման, բաժանման եւ տեղաւորման կեդրոնի մասնաճիւղի պետ Օլեկ Տեմիանենքօ:
Իր կարգին, «Մայատին» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ հակառակ թրքական կողմի երաշխիքներուն, Իտլիպի մէջ զինեալ ահաբեկչական միաւորները լարուած վիճակի մէջ կը գտնուին, որովհետեւ «աւելի քան վստահ են», որ Տարաայի ազատագրումէն ետք կարգը Իտլիպին պիտի հասնի։ Անոնք կը գիտակցին, որ Թուրքիա վստահելի դաշնակից չէ։
Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ Իտլիպի մէջ գործող ահաբեկչական խմբաւորումներու ղեկավարները իրենց զինեալներէն պահանջած են պատրաստ ըլլալ պատերազմական գործողութիւններու:
Տեղական աղբիւրներու համաձայն՝ նկատելի է նաեւ տասնեակ զինեալներու փախուստը Թուրքիա, ուր հասնելու համար վերջիններս հսկայ գումարներ կը վճարեն ապօրինի սահմանահատում կազմակերպողներուն:
Մինչ այդ, «Ռաշա Թուտէյ»ը կը հաղորդէ, որ Աֆրինի մէջ թէժ պայքար սկսած է Դամասկոսի Արեւելեան Ղութա արուարձանէն տեղափոխուած զինեալներուն եւ «Ազատ բանակ»ի անդամներուն միջեւ, կարգ մը բնակարաններու պատկանելիութեան հարցին շուրջ։ Տեղի ունեցած են նաեւ զինեալ ընդհարումներ: Աղբիւրը զոհերու եւ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւններ չէ փոխանցած: