ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 1 Յուլիս 2018ի դրութեամբ, Հայաստանի մէջ կենսաթոշակառուներու թիւը 461 հազար 68 է:
Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ աշխատանքային կենսաթոշակառուներու թիւը 458 հազար 532 է, զինուորական ծառայութեան հետ կապուած կենսաթոշակառուներու թիւը՝ 1905:
Կենսաթոշակառուներուն համար նշանակուած կենսաթոշակի միջին վճարը կը կազմէ 40 հազար 548 դրամ: