ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան կողմէ կատարուած ստուգումները յայտնաբերած էին, որ «Ալեքս Հոլդինգ» ընկերութիւնը թերացած է իր հարկային պարտաւորութիւններուն մէջ:
Ստուգումները իրականացուեցան Պետական եկամուտներու կոմիտէի տարբեր ստորաբաժանումներու համատեղ ուժերով. իբրեւ արդիւնք՝ 26 Յուլիս 2018 ին կազմուած ստուգման արձանագրութեամբ, կազմակեպութեան առաջադրուած է պետական պիւտճէին լրացուցիչ 5.2 միլիառ դրամ վճարել, որ իր պարտաւորութիւնն էր՝ աւելացած արժէքի հարկի եւ շահութահարկի շրջագիծին մէջ:
1 Օգոստոսի 2018ին, ընկերութիւնը առաջադրուած լրացուցիչ հարակային պարտաւորութիւնը ամբողջութեամբ վճարեց: