– Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը 3 Օգոստոսին հաղորդեց, թէ անգործութեան համեմատութիւնը 3.9 տոկոսի իջած է Յուլիսին, հակառակ այն իրողութեան, որ տնտեսութիւնը ակնկալուածէն նուազ՝ 157,000 նոր աշխատատեղի գոյացուցած է։ Վարձատրութիւններու աճը կը շարունակէ «հիւանդագին» մնալ։
– Ոսկիի միջազգային խորհուրդը յայտարարեց, որ Յուլիսի տուեալներով՝ Թուրքիոյ կեդրոնական դրամատան մօտ ոսկիի պահեստը միայն 238.3 թոն է եւ ոչ թէ 602.3 թոն, ինչպէս յայտարարած էր Անգարան:
– Գերմանիոյ մէջ կայացած հարցախոյզի մը համաձայն՝ գերմանացիներուն 69 տոկոսը փափաքելի չէ համարած Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի Գերմանիա այցելութիւնը: Այցին թուականը չէ որոշուած, սակայն կը նախատեսուի, որ անիկա տեղի ունենայ Սեպտեմբերին:
– Թուրքիոյ մէջ 1600 քաղաքացիներու հետ կատարուած հարցախոյզի մը հիման վրայ կատարուած ուսումնասիրութեան արդիւնքները կը վկայեն, որ վերջին շրջանին, Թուրքիոյ տնտեսական հարցերը լուրջ ազդեցութիւն կը գործեն քաղաքացիներու տնտեսական վիճակին վրայ։ Հարցախոյզին մասնակցած անձերուն 65 տոկոսը յայտնած է, որ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը գէշ վիճակի մէջ է, յատկապէս դրամանիշին արժեզրկումին եւ անգործութեան բարձր մակարդակին պատճառով։ Իսկ այն հարցումին, թէ հնարաւորութեան մը պարագային, «կը հեռանայի՞ք Թուրքիայէն», մասնակիցներուն 57.8 տոկոսը տուած է դրական պատասխան։