ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Սուրիոյ իշխանութիւնները սկսած են իրականացնելու ազատագրուած Հալէպի բնակավայրերու վերականգնման պետական ծրագիրները. այս մասին յայտարարած է Հալէպի նահանգապետի տեղակալ Համիտ Քինօ՝ ըստ «Ռիա Նովոսթի»ին:
Քինօ տեղեկացուցած է, որ վերականգնման ծրագիրը երեք փուլով պիտի իրականացուի. «Առաջին՝ պատրաստել ենթակառոյցներ, քանի որ մարդիկ չեն կրնար ապրիլ առանց ջուրի եւ ելեկտրականութեան: Երկրորդ՝ օգնութիւն տրամադրել, պարզելէ ետք իւրաքանչիւր ընտանիքի կարիքները: Երրորդ՝ վերադարձնել բնակիչները իրենց տուները՝ բացատրելով անոնց, թէ հոն անվտանգ վայր է այլեւս»:
Սուրիոյ տարբեր շրջաններէ, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներէ արդէն Հալէպ վերադարձած է աւելի քան մէկ միլիոն քաղաքացի: Ահաբեկիչներուն պատճառով, Հալէպէն հեռացած էր աւելի քան 6 միլիոն բնակիչ: