ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- 2 Օգոստոսին, Իրանի մայաքաղաք Թեհրանի եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ զանգուածային հակակառավարական բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան: Ցուցարարները գլխաւորաբար բողոքեցին սղաճին եւ իրանեան դրամանիշին արժեզրկումին, ինչպէս նաեւ կաշառակեր պաշտօնեաներու դէմ:
Սպահան քաղաքին մէջ արցունքաբեր կազեր գործածուեցան ցուցարարներուն դէմ եւ անոնցմէ մասը մը ձերբակալուեցաւ: Բախումներ տեղի ունեցան նաեւ Շիրազ, Քարաճ եւ Մեշհատ քաղաքներուն մէջ: Տնտեսական ճգնաժամին գլխաւոր պատճառներէն մէկն է Միացեալ Նահանգներու պարտադրելի տնտեսական նոր պատժամիջոցներէն ակնակալուող վնասը։ Պատժամիջոցները ի զօրու պիտի դառնան 6 Օգոսոտսին։