ՓՐԱԿ, «Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան գործընթացին մէջ Ռուսիոյ միջամտութեան եւ Մոսկուա-Թրամփ կապերը հետաքննելու նպատակով նշանակուած յատուկ դատախազ Ռապըրթ Միւլըր փափաք յայտնած է հարցաքննելու ատրպէյճանցի-ռուս երգիչ Էմին Աղալարովը, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նախկին փեսան է։
Աղալարով 2016ին ներկայ եղած էր Տանըլտ Թրամփի զաւակին եւ ռուս փաստաբան-գործիչ Նաթալիա Վեսելնիցքայայի միջեւ խնդրայարոյց հանդիպման, որուն նպատակն էր Թրամփի մրցակից Հիլըրի Քլինթընի մասին վարկաբեկիչ տեղեկատուութիւն ստանալ:
«Սի.Էն.Էն.»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Աղալարովի փաստաբան Սքաթ Պալպըր յայտնեց, որ թէեւ իր յաճախորդը գաղտնի պահելու ոչինչ ունի, այդուհանդերձ չի փափաքիր հարցաքննուիլ Ամերիկայի մէջ։
Նշենք, որ Աղալարով ընդունած է, թէ օժանդակած է այդ հանդիպումին կազմակերպման։
«Նիւ Եորք Թայմզ»ի համաձայն՝ Աղալարով Քլինթընի մասին փոխանցած է տեղեկութիւններ, որոնք, իբրեւ թէ ստացած է իր հօր՝ միլիառատէր Արազ Աղալարովի ռուս դատախազէն: