Ուրբաթ, 27 Յուլիսին, Հալէպի Ազգային գերեզմանատան մէջ գտնուող Լիզպոնի գործողութեան հինգ նահատակներուն յուշակոթողին մօտ, Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան Հալէպի մասնաճիւղերու անդամները ոգեկոչեցին Լիզպոնի տղոց յիշատակը, ծաղկեպսակ զետեղեցին յուշակոթողին դիմաց ու լուսարձակի տակ բերելով Լիզպոնի հինգին պահանջատիրական ոգին, իրենց անձը զոհաբերելով միջազգային լռութեան պատը քանդելու յանդգնութիւնը՝ յիշատակեցին Լիզպոնի գործողութեան 35ամեակը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.