
ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Օգոստոս 8ին, «Արարատ Տան» մատրան մէջ, նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առթիւ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, բաշխուեցաւ Ս. հաղորդութիւն, ապա կատարուեցաւ Անդաստան, որուն ընթացքին օրհնուեցաւ խաղողը:
Պատարագիչն էր Երեմիա քհնյ. Խաչատուրեան, իսկ սպասարկողներն էին՝ Շնորհք եւ Սերովբէ քահանաները, մինչ բուրվառակիրն էր Արտակ սրկ. Խաչիկեան:
Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեանի գլխաւորութեամբ, ներկայ հոգեւորականները Անդաստանի արարողութիւն կատարեցին՝ օրհնելով խաղողը «Արարատ Տան» ընդհանուր սրահին մէջ, ուր նաեւ բաշխուեցաւ Ս. հաղորդութիւն:
Հոգեւորականները իրենց օրհնութիւնը բերին «Արարատ Տան» ղեկավարութեան եւ բնակիչներուն՝ անոնց մաղթելով քաջառողջութիւն եւ բարի կեցութիւն: