Դամասկոսի «Ասատ» գրադարանի տարեկան միջազգային ցուցահանդէսին ընթացքին տեղի ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանի «Հայերու Տարագրութիւնը Տէր Զօրի Մէջ՝ ԺԹ. Դարու Վերջաւորութեան Եւ Ի. Դարու Սկիզբը» գիրքին շնորհահանդէսը:
«Ալ Շարք» հրատարակչատան կողմէ հրատարակուած գիրքի շնորհահանդէսին ներկայ գտնուեցան երեսփոխաններ, քաղաքական գործիչներ, Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչներ, արաբ մտաւորականներ, Արաբ գրողներու միութեան անդամներ, դամասկոսահայեր եւ հայկական հարցով հետաքրքրուողներ:
Գիրքին շնորհահանդէսը լուսաբանուեցաւ մամուլի զանազան ներկայացուցիչներու կողմէ:
Աւելցնենք, որ գիրքին մէջ դոկտ. Նորա Արիսեան հանգամանօրէն կ՛անդրադառնայ Տէր Զօրի մէջ հայերու ներկայութեան, համայնքի կազմութեան, եկեղեցական եւ ընկերային կեանքի հոլովոյթին։