
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ինչպէս հաղորդած էինք նախապէս, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) 100ամեակի տօնակատարութիւնները Լոս Անճելըս պիտի հասնին Հոկտեմբեր 20ին, երբ քաղաքամէջի «Պիլթմոր» պանդոկի սրահին մէջ (506 S. Grand Ave., Los Angeles, CA 90071) տեղի պիտի ունենայ «Մէկ դար հաւատի, սիրոյ եւ սպասարկութեան տօնակատարութիւն» խորագրուած ճաշկերոյթը:
Լոս Անճելըսի մէջ հարիւրամեակի տօնակատարութեան յանձնախումբի համաատենապետներ Լոռի Մունչերեան, Արսինէ Ֆիլիփս, Հելկա Սարգիս եւ Թինա Սիկըլ կը տեղեկացնեն, թէ ձեռնարկին հանդիսավարը պիտի ըլլայ Քենեթ Լ. Խաչիկեան:

20 Հոկտեմբերին կայանալիք ձեռնարկը առիթ պիտի հանդիսանայ մեծարելու ԱՀԱԸի Արեւմտեան Ամերիկայի գործունէութեան երկար տարիներով նեցուկ կանգնած՝ Շին ընտանիքի հիմնադրամը, «Ստեփան Փիլիպոսեան» եւ «Քոնթէ» հիմնարկութիւնները եւ Ճերըլտ ու Փաթրիսիա Թր-բանճեաններուն հասատատած «Թի.Էֆ.» կրթական հիմնարկութիւնը: Ստորեւ կը ներկայացնենք մեծարեալները.
– Շին ընտանիքի հիմնադրամը հաստատած Ճան Շին ծնած է Այնթապ եւ զաւակն էր աւետարանական ծնողքի մը։ Ան 1913ին փախուստ տուած է Թուրքիոյ մէջ հակահայ հալածանքներէն եւ հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, իր մօր եւ եղբօր հետ, սակայն չէ կրցած իրականացնել իր հայրը եւ երկրորդ եղբայրը Ամերիկա բերելու ծրագիրը եւ անոնք զոհ գացած են Հայոց Ցեղասպանութեան։ Ամերիկայի մէջ ան սկսած է աշխատելու հագուստեղէնի գործարանի մը մէջ, ապա դարձած է այդ գործարանին գործիքներուն մասնագէտը եւ կրցած է հաստատել իր անձնական գործարանը։ Ան ամուսնացած է Վիքթորիա Պասմաճեանի հետ եւ ամոլը բախտաւորուած է երեք զաւակներով։ 1924ին ընտանքին հետ Լոս Անճելըս հաստատուած է եւ բացած կահ-կարասիներ արտադրող գործարան մը, զոր վերածած է Քալիֆորնիոյ մեծագոյններէն մէկուն։ Ան նետուած է կալուածներու առուծախի գործին մէջ եւ իր ապահոված հարստութեամբ նեցուկ կանգնած է շարք մը բարեսիրական կազմակերպութիւններու, առիւծի բաժինը տալով Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան, որուն մօտ հաստատած է Շին ընտանիքի հիմնադրամը։ Հիմնադրամին աջակցութեամբ Հայաստանի Հանքաւան շրջանին մէջ կը գործէ «Շին-Շողիկ» ճամբարը, որ սպասարկութիւններ կը տրամադրէ կարիքաւոր երեխաներու։
Այժմ իր հօր բարեգործութիւնը կը շարունակէ Ճեք Շինը, Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ կրթական եւ բարեսիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու ճամբով։
– Ստեփան Փիլիպոսեան ծնած է Հաճըն, ուրկէ 10 տարեկանին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Թարսուս, իսկ 19 տարեկանին հաստատուած է Ֆիլատելֆիա, ուր ան իր ձեռներէցութեան շնորհիւ կարճ ժամանակի ընթացքին յաջողութիւններ արձանագրած է գորգի վաճառականութեան մէջ։ Իր մօր տուած մէկ խոստումին հաւատարիմ մնալով, ան իր հարստութիւնը յատկացուցած է իր հայրենակիցներու բարեկեցութիւնը ապահովելու ջանքերուն։ 75 տարիներու վրայ երկարող անոր բարեսիրական գործունէութեան մէջ զինք առաջնորդողներէն մէկը եղած է Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր քարտուղար պատուէլի Բիւզանդ Քալֆայեան։

Սրբուհի Փիլիպոսեան նոյնպէս ծնած է Հաճըն եւ Միացեալ Նահանգներ ժամանած է երեխայ եղած ատեն ու դարձած է յաջողակ գործարար մը։ Ան ամուսնացած է Ստեփան Փիլիպոսեանի հետ եւ ամոլը բախտաւորուած է երկու զաւակներով։ 1955ին, Ստեփան Փիլիպոսեան, ԱՀԱԸի հովանիին տակ, եղած է համահիմնադիրը Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին։ Ստեփանի մահէն ետք, Սրբուհի վերամուսանացած է Ճան Քոնթէի հետ, անոր հետ հաստատելով Սրբուհի եւ Ճան Քոնթէներու հիմնարկութիւնը, որ շարք մը աջակցութիւններ կատարած է Հայկազեան համալսարանին։
Ստեփանի դուստրը՝ Ճոյս Փիլիպոսեան «Սթայն Ստեփան Փիլիպոսեան» հիմնարկութեան հոգաբարձուներէն մէկն է եւ իր ամուսնոյն՝ Ճոյս Սթայնի, ինչպէս նաեւ քրոջ՝ Լուիսի եւ զաւակներուն հետ, կը շարունակէ իր հօր սկսած բարսիրական գործունէութիւնը։ Ճոյս համաատենապետն է ԱՀԱԸի Որբերու եւ երեխաներու հոգատարութեան հիմնադրամին, որուն միջոցաւ Հայաստանի եւ Արցախի երեխաներուն կ՛աջակցի, ինչպէս նաեւ նեցուկ կը կանգնի Հայկազեան համալսաանին եւ անդամ է շարք մը բարեսիրական կազմակերպութիւններու։
– Ճերըլտ Թրբանճեան աւագ զաւակն է Հայեց Ցեղասպանութենէն վերապրած ծնողքի մը եւ ծնած է Հալէպ։ Ան հասակ նետած է Պէյրութի մէջ եւ ուսումը շարունակելու համար Միացեալ Նահանգներ ժամանած է։ Ան ամուսնացած է Փաթրիսիա Սավոյեանի հետ եւ ամոլը բախտաւորուած է չորս զաւակներով։ Ճերըլտի եւ Փաթրիսիայի ջանքերով, Թրբանճեան ընտանիքի («Թի. Էֆ.») կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է, նեցուկ կանգնելու հգամար Հայասատանի եւ Սփիւռքի տարածքին կրթական ծրագիրներու։ Անոնք նաեւ հիմնադիրներն էին «Փըսիֆիք Սէյլզ» խանութներու ցանցին, որ 2006ին ծախուեցաւ «Պեսթ Պայ»ին։ Ճերըլտ ներկայիս տնօրէնն է «Նիւ Սփարք» հաստատութեան եւ նախագահն է «Թի.Էֆ.» կրթական հիմնարկութեան։
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան կողքին, Թրբանճեաններ նեցուկ կը կանգնին Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին, ՀԲԸՄին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին, Արցախի մէջ բարեսիրական ծրագիրներու, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմին, Ս. Էջմիածինին եւ Թորընսի «Մեմորիըլ» առողջապահական կեդրոնին։
Իբրեւ ԱՀԱԸի զօրակցող, «Թի. Էֆ.» կրթական հիմնարկութիւնը կը նպաստէ նաեւ Հայկազեան համալսարանին, Մերտինեան վարժարանին, Հանքաւանի ճամբարին, ԱՀԱԸի Որբերու եւ երեխաներու հոգատարութեան հիմնադրամին, սու-րիահայութեան եւ Էշրեֆիէի Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին, որուն շրջանաւարտներէն է Ճերըլտը։
Ան նաեւ շրջանաւարտ է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն, ուր հաստատած է ժամանակակից հայագիտութեան եւ քաղաքացիական ընկերութեան ուսումնասիրութեան նուիրուած ամպիոններ։

Յիշեցնենք, որ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը իր 100ամեակին առիթով հաստատած էր 20 միլիոն տոլարի դրամահաւաք կատարելու թիրախը, որուն իրականացման շնորհիւ կարելի պիտի ըլլար կազմակերպութեան երկրորդ հարիւրամեակի գործունէութիւնը նոր թափով սկսիլ: Այս տարուան ընթացքին հարիւրամեակի տօնակատարութիւններ արդէն իսկ տեղի ունեցած են աշխարհի տարածքին. անոնց ներկայ եղած է ընկերակցութեան գործադիր վարիչ Զաւէն Խանճեան: ԱՀԱԸի Արեւմտեան Ամերիկայի գործադիր վարիչն է Լեւոն Ֆիլեան, եւ անոր գրասենեակը Կլենտէյլ հաստատուած է:
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը հիմնուած է 1918ին, Մեսեչուսեց նահանգի Ուսթըր քաղաքին մէջ: 1972էն ի վեր անոր կեդրոնատեղին կը գտնուի Նիւ Ճըրզիի Փրեմըս քաղաքին մէջ: ԱՀԱԸը հոգեւոր, կրթական, մարդասիրական եւ երեխաներու խնամակալութեան ծառայութիւն ծաւալած է աշխարհի 24 երկիրներու մէջ:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, կարելի է դիմել (626) 487-5878 կամ (201) 265-2607 թիւերուն։
(Քաղուած Ճոյս Սթայնի թղթակցութենէն)