ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան կարեւոր կը նկատէ Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿի) հետ համագործակցութիւնը եւրոպական եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ ոլորտներէ ներս եւ պատրաստ է շարունակել արդիւնաւէտ գործընկերութիւնը: Այս մասին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Երեքշաբթի, 4 Սեպտեմբերին ԵԱՀԿի գլխաւոր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկերի հետ հանդիպման ընթացքին:
Փաշինեան եւ Կրեմինկեր երկուստէք արձանագրելով առկայ փոխգործակցութեան բարձր մակարդակը, քննարկած են զայն խորացնելու հեռանկարները:
Կրեմինկեր ողջունած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացները եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է օժանդակել կառավարութեան բարեփոխումներու օրակարգին: