ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ գտնուող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան 2 Սեպտեմբերին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու արցախեան ազատագրական պայքարին ընթացքին զոհուածներուն, յատկապէս՝ Արցախի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի յիշատակին:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է Արցախի անկախութեան: «Ասիկա ո՛չ միայն անկախութեան, այլ նաեւ յաղթանակի ու ապագայի նկատմամբ վստահութեան օր է: Ասիկա այն օրն է, երբ մեր ամբողջ հայ ժողովուրդը վերադարձուց հպարտութիւնը, յաղթանակի քաղցր զգացողութիւնը, վստահութիւնը՝ իր ուժերուն եւ ապագային նկատմամբ:
«Մեր ամբողջ ժողովուրդին համար ասիկա առաքելութեան եւ ազգային ինքնութեան օր է: Հոգիս լեցուած է հպարտութեամբ, ուրախութեամբ, սակայն այս պահուն այստեղ, այս յուշահամալիրին մէջ գտնուելով, չեմ կրնար չմտածել, թէ յաղթանակը, հպարտութիւնը, ապագայի նկատմամբ վստահութիւնը բաւական սուղ գինով ձեռք բերուած են‘ մարդկային լաւագոյն կեանքերով: Մեր տղաները իրենց կեանքը ի զուր չեն տուած. տուած են անոր համար, որ այս երկիրը դառնայ աւելի հզօր, որ ամբողջ աշխարհին մէջ սփռուած հայութիւնը, մեր ամբողջ հայ ժողովուրդը՝ Հայաստանի, սփիւռքի եւ Արցախի մէջ կարենայ կառուցել իր հպարտ, ուժեղ ու հզօր հայրենիքը», ընդգծած է նախագահ Սարգսեան:
Նոյն օրը առաւօտուն նախագահ Արմէն Սարգսեան Արցախի նախագահի նստավայրին մէջ հանդիպում ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայկական երկու հանրապետութիւններուն համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Նախագահները կարեւոր նկատած են երկկողմանի կապերու շարունակական ընդլայնումն ու խորացումը: