ԵՐԵՒԱՆ.- Մայիս 15էն ի վեր շուրջ 1 միլիառ տոլարի ներդրումային առաջարկներ ստացած ենք. նախարարութեան գործունէութեան 100 օրը ամփոփելու ընթացքին տեղեկացուց տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան:
«Ներդրումային առաջարկներ ստացած ենք, եթէ ատոնք վերածենք թիւերու, կ՛անցնի 1 միլիառ տոլարը, բայց մենք, բնականաբար, կը փորձենք գնահատել իրատեսականը: Այդ մէկ միլիառէն առնուազն 240 միլիոնը իրատեսական է», ըսաւ ան: