ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան 4 Սեպտեմբերին ընդունած է «Սթրաթէժիոս», «Եու.Էն.Տի.Փի.» Եւ «Սիթրա» կազմակերպութիւններու փորձագէտներուն այցելութիւնը:
Հանդիպման նպատակն էր քննարկել ՄԱԿի զարգացման ծրագիրին («Եու.Էն.Տի.Փի.») ֆինանսաւորումով մեկնարկելիք «Հանրօգուտ ներդրումներ» փորձնական ծրագիրը, որ կը վերաբերի Շիրակի մարզին մէջ կաթնարտադրութեան զարգացման: Սոյն ծրագիրի իրականացումով, ենթակայ գիւղական տնտեսութիւններուն մէջ կ՛ակնկալուի կաթի արտադրողականութեան յաւելում եւ կաթի որակի բարձրացում։ Ծրագիրի արդիւնաւէտութիւնը ապահովելու նպատակով պիտի սահմանուին յատուկ չափորոշիչներ, որոնցմով պիտի առաջնորդուին ծրագիրի շահառուները:
Ողջունելով հիւրերը՝ նախարար Խաչատրեան տեղեկացուց, թէ նմանատիպ ծրագիրի մը նախաձեռնելու մտայղացումը ունեցած էր, երբ տակաւին Շիրակի մարզպետ էր: Նշելով, որ բարեյաջող ընթացքի պարագային այս ծրագիրին ծիրը պիտի ընդարձակուի՝ նախարարը միաժամանակ պատրաստակամութիւն յայտնեց սերտօրէն համագործակցելու եւ աջակցելու ծրագիրի պատասխանատուներուն:
Պատուիրակութեան անդամները իրենց կարգին նշեցին, որ սոյն ծրագիրի մշակման ընթացքին նաեւ նախատեսուած են խորհրդատուութիւններ այլ պետական գերատեսչութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ հիմնադրամներու ներկայացուցիչներու հետ: Անոնք շեշտեցին, թէ Շիրակի մէջ մեկնարկելիք «Հանրօգուտ ներդրումներ» նախաձեռնութիւնը պիտի ըլլայ առաջինը՝ շրջանին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ փորձառական այս ծրագիրի իրագործման ընթացքին այլ նուիրատու կազմակերպութիւններու ներգրաւման, ծրագիրի շահառուներու ընտրութեան, չափորոշիչներու մշակման վերաբերող շարք մը այլ հարցեր: