ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Իսրայէլեան «Հաարեց» թերթին մէջ, Ալեքսանտր Կրիֆինկ անդրադարձած է թրքական լիրայի արժեզրկումին, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ լարուած յարաբերութեանց, գրելով. «Էրտողան վերջերս քանիցս շեշտեց, որ Ամերիկայի նախագահ Թրամփ կռնակէն հարուած հասցուցած է Թուրքիոյ, միաժամանակ խօսելով ռազմավարական նոր դաշնակիցներ փնտռելու մասին։ Ատիկա նախ եւ առաջ Ռուսիոյ հասցէագրուած ակնարկ մըն է, քանի որ Ռուսիա եւս, Անգարայի նման, առաջարկած է տոլարը որպէս առեւտուրի դրամանիշ չգործածել։ Այնուհանդերձ Թուրքիոյ ու Ամերիկայի յարաբերութիւնները այնքան ալ դիւրութեամբ չեն կրնար խզուիլ, քանի որ երկուքն ալ ՆԱԹՕի անդամ երկիրներ են։ 1946էն ի վեր Թուրքիա Ամերիկայի մերձաւոր դաշնակիցն է եւ Թուրքիոյ մէջ կը գտնուի ամերիկեան ռազմական խարիսխ մը՝ Ինճիրլիքը։ Թուրք-ամերիկեան լարուած յարաբերութիւններուն առընթեր, Էրտողան կամաւոր կերպով կ՛առաջարկէ ՆԱԹՕի ծիրէն ներս նոր դերակատարութիւններ ստանձնել, սակայն Էրտողան երկակի խաղ մը կը խաղայ ու Թուրքիան կը հեռացնէ ՆԱԹՕէն։ Հարց է, թէ յառաջիկային արդեօք Թուրքիա, ի գին ամերիկացի հոգեւորականը բանտի մէջ պահելու, կրնա՞յ աւելիով հեռանալ ՆԱԹՕէն կամ բոլորովին լքել այդ կառոյցը»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.