ԵՐԵՒԱՆ.- Իր տեղեկութիւնները թրքական «Ճուհուրիյէթ» թերթէն քաղելով՝ «Նիուզ» կը հաղորդէ, թէ Խարբերդ (այժմ թրքացուած՝ Էլազըղ) քաղաքի խանութներէն մէկուն մէջ, սուրիացի գաղթականներու եւ տեղացիի մը միջեւ սկսած վիճաբանութիւնը վերածուած է սուրիացիներու վրայ յարձակումներու, որոնց իբրեւ հետեւանք՝ անոնց վարձած խանութները կամ կրպակները քանդուած են եւ պահանջներ եղած են զանոնք անյապաղ վտարելու քաղաքէն:
Աւելի ուշ, դէպքի վայր հասած են մեծ թիւով ոստիկաններ՝ փորձելով իրավիճակը պահել վերահսկողութեան տակ: Հաւանաբար, թուրք ազգայնամոլները իրենց այս արարքով կը փափաքէին կրկնել 1955ի Սեպտեմբեր 6-7ին, Պոլսոյ եւ թրքական այլ քաղաքներու մէջ փոքրամասնութեանց դէմ կատարուած վայրագ յարձակումներուն «հերոսութիւն»ը։