ԱՆԳԱՐԱ, «Աքշամ».- Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին հարցերու յանձնախումբի նախագահ Վոլքան Պոզքըր յայտարարած է, թէ Թուրքիան սուրիացի նոր գաղթականներ պիտի չընդունի, եթէ Սուրիոյ հիւսիսային Իտլիպ նահանգին մէջ սկսած զինուորական գործողութեան պատճառով գաղթականներու նոր հոսք մը յառաջանայ: Թուրք պաշտօնատարը պնդած է, որ Թուրքիա ի վիճակի չէ դիմակայելու գաղթականներու նոր հոսք մը՝ շեշտելով, որ թրքական սահմանը պիտի չբացուի Իտլիպէն Թուրքիա փախչող սուրիացիներուն առջեւ: Պոզքըր աւելցուցած է, որ Թուրքիա մտադիր է սուրիացի գաղթականները տեղաւորել Սուրիոյ տարածքին վրայ՝ թրքական զինեալ ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանները բացուելիք ճամբարներուն մէջ: Ատիկա կը վերաբերի թէ՛ ներկայիս Թուրքիա գտնուող սուրիացի գաղթականներուն, եւ թէ Թուրքիա մեկնիլ ուզող նոր գաղթականներուն:
Յիշենք, որ անցեալ շաբաթ, Ռուսիոյ օդուժը մասնակցած էր Իտլիպ նահանգին մէջ սուրիական ուժերուն սկսած ռմբակոծումներուն, որոնք կը գործադրուին նահանգը զինեալ ընդդիմադիրներէ ազատագրելու նպատակով: