ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը Միացեալ Նահանգներու իրաւասու մարմիններէն ստացած է դիմում՝ Երեւանի մէջ ձերբակալուած ազգութեամբ թուրք հակահայ լոպիիստ Քեւին (Քեմալ) Օքսուզը արտայանձնելու վերաբերեալ:
Օքսուզի դէմ Միացեալ Նահանգներու կողմէ միջազգային հետախուզութիւն յայտարարուած է Քոնկրեսի յանձնաժողովէն նիւթեր կեղծելուն եւ պահելու համար: Ան Հայաստանի մէջ եւս հակաօրինական գործունէութիւն ծաւալած է: Հայաստանի մէջ անոր հիմնած The Sena Group ընկերութիւնը խուսափած է հարկեր վճարելէ:
Քեմալ Օքսուզ Ամերիկայի քաղաքացի է: