ԵՐԵՒԱՆ.- Ըստ Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութեան՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ռուսիոյ եւ Խորհրդային Միութեան նախկին պետութիւններու հարցերու փորձագէտ Լին Թրէյսիի թեկնածութիւնը առաջարկեց Հայաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար:
Թրէյսի ասպարէզով դիւանագէտ է եւ այժմ կը վարէ Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Ռուսիոյ հարցերով աւագ խորհրդականի պաշտօնը:
Ան նախապէս աշխատած է իբրեւ Միացեալ Նահանգներու փոխդեսպան Մոսկուայի, Աշխապատի եւ Ասթանայի մէջ, նաեւ եղած է Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարի՝ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերոը տեղակալի առաջին օգնական: Աշխատած է նաեւ Փեշաուարի (Փաքիստան) ամերիկեան հիւպատոսութեան մէջ: Ան կը տիրապետէ ռուսերէնին: