ՍԱԼԲԻ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
2018ի Նոյեմբեր 1ին, 15 տարի պիտի ըլլայ, որ կ՛ապրիմ քու ջերմ յարկէդ հեռու, բայց մոռցած չեմ քեզ, որովհետեւ չես զլացած, թէեւ երբեմն ուշ, բարո՛վ այցելել մեզի՝ բերելով խօսքդ, թէ՝ «Ասպարէ՛զ»դ եմ, արժեւորա՛ծ եմ քեզ, մի՛ մոռնար այդ, եւ… ինծի՛, անշուշտ։
Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ տաքուկ երդիքդ «Ասպարէզ», սիրելի՛ս։
Ճանչցած եմ քեզ հարեւանցի, երբ շատ երիտասարդ էի, Պէյրութ, Լիբանան, այսօր տարեց՝ չեմ յիշեր, թէ ո՛ւր՝ «Ազդակ»ի խմբագրատա՞ն, թէ «Բագին»ի խմբագրատան մէջ։ Իսկ տարիներ ետք, Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըս քաղաքի Վենիս պողոտային վրայ գտնուող հսկայ կեդրոնէն ներս, ուր 1949ին դաշնակցական հաւատացեալ ղեկավարներ թրծած ու կերտած էին՝ իբրեւ բոյնը հայ համայնքին։ Ապա, աւելի փոքր սրահի մուտքին, հանդիպած ու դիմաւորուած եմ ընտանիքիդ կողմէ, «Ասպարէզ» սիրելի՛ս։
Ծանօթացուցած ես չորս հոգինոց ընտանիքիդ, որուն հինգերոդ բախտաւոր անդամը եղած եմ ես։ Ապա, միասնաբար, հանգրուան առ հանգրուան, փոխադրուած ենք այլ բնակավայրեր, եւ մեր ընտանիքը՝ բազմացած. բայց, մեր ջերմ սէրը մնացած է անբաժան, «Ասպարէզ» սիրելի՛ս։
Այսօր, դուն 110, ես՝ 76, մեր 30 տարիներու կենակցութեամբ կտ-րած ենք ճանապարհ մը հրաշակերտ. բաժնուած ենք, բայց երբե՛ք ապահարզան։
Դեռ պիտի ապրինք սիրո՛վ, տաքուկ, տարինե՜ր անհամար, «Ասպարէ՛զ» սիրելիս։
Օգոստոս 5, 2018