Եգիպտոս կատարած պաշտօնական իր այցելութեան ծիրին մէջ, 25 Սեպտեմբերին, սփիւռքի նախարարութեան պատուիրակութիւնը ընդունեց Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլի:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-եգիպտական յարաբերութիւններուն, Եգիպտոսի մշակութային եւ ընկերային-տնտեսական կեանքին մէջ տեղւոյն հայ համայնքին ունեցած դերակատարութեան: Նախարար Հայրապետեան Հայաստանի կառավարութեան անունով գնահատանքի խօսք փոխանցեց Եգիպտոսի ժողովուրդին եւ պետութեան, որ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն հազարաւոր հայերու փրկութիւն եւ ապաստան տուած էր:
Հանդիպման աւարտին երկուստեք կարեւոր համարուեցաւ նաեւ երկու երկիրներուն՝ Սփիւռքի հետ աշխատանքները կարգաւորող պատասխանատու գերատեսչութիւններու միջեւ համագործակցութեան խորացումը:
Այնուհետեւ նախարար Հայրապետեան Եգիպտոսի ներգաղթի եւ արտագաղթածներու նախարարին հետ այցելեց Գահիրէի Հայոց թեմի առաջնորդարան, ուր բարձրաստիճան հիւրերը դիմաւորեց եւ բարի գալուստ մաղթեց Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան:
Առաջնորդին ուղեկցութեամբ նախարարները շրջայց կատարեցին առաջնորդարանին մէջ, որուն շնորհիւ առաւել մանրամասն տեղեկութիւններ ստացան 1860ին կառուցուած շինութեան մասին, ինչպէս նաեւ ծանօթացան կառոյցի ճարտարապետական ոճին առանձնայատկութիւններուն: Այցելութեան առիթը՝ շուտով կայանալիք Եգիպտոսի հայ համայնքի մեծարման ձեռնարկն է, որ նպատակ ունի խթանել երկու պետութիւններուն պատմական կապերու զարգացումը:
Մխիթար Հայրապետեան նոյն օրը Գահիրէի «Պըլըքտանեան» սրահին մէջ հանդիպեցաւ Եգիպտոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:
Հանդիպման ներկայ էին Եգիպտոսի մպտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Մելքոնեան, Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան, Քաղաքական ժողովի ատենապետ Վահէ Փլադեան, Գահիրէի Հայ Դատի մարմինի պատասխանատու Արմէն Մազլումեան եւ այլք:
Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան հանդիպման ընթացքին խօսեցաւ Հայաստան-Սփիւռք փոխգործակցութեան առաւել գործնական քայլերու մասին, յայտնեց իր տեսլականը, լսեց եգիպտահայ հայրենակիցներուն կարծիքները եւ պատասխանեց վերջինները յուզող հարցումներուն: