ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ ու Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան 30 Ապրիլին այցելեցին Երեւանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատունը, ուր 26 Ապրիլին Շահիտ Ռաճայի նաւահանգիստին մէջ պատահած ողբերգական պայթումին առիթով բացուած էր սգոյ մատեան մը։
Անոնք իրենց ցաւակցութիւնները փոխանցեցին դժբախտ պատահարին, բազմաթիւ զոհերուն ու վիրաւորներուն համար։