ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ՝ լիբանանահայ հայրենադարձ երգիչ Գէորգ Հաճեան կը գտնուէր Արցախ՝ համերգային ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով:
28 Սեպտեմբերին, Արցախի սահմանամերձ Նորշէն գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ Գէորգ Հաճեանի առաջին համերգը՝ Ստեփանակերտի «Տնջրէ» եւ Նոր Շէնի «Մոնթէ» խումբերուն մասնակցութեամբ:
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեանի խօսքով: Վերջինս նշեց, որ համերգը նուիրուած է Համազգայինի հիմնադրութեան 90ամեակին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակին եւ արցախեան շարժման 30ամեակին:
Ներկաները մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեցին երգիչը՝ համերգի ամբողջ ընթացքին մասնակից ըլլալով երգերով ու պարերով:
Իր խօսքին մէջ երգիչը նշեց, որ երբ արցախեան հողին վրայ կ՛երգէ, կը զգայ իր երգած երգերուն ամէն մէկ բառին ամբողջ զօրութիւնը եւ անգամ մը եւս կը հասկնայ այն ճշմարտութիւնը, որ հայրենիքի ապագան պէտք է սկսի զարգացած գիւղեր ունենալով: Գիւղացին պէտք է սերտօրէն կապուած ըլլայ հայ մշակոյթին եւ կարելիութիւնը ունենայ առնչուելու անոր հետ:
Գ. Հաճեանի երգերուն հետ իրենց հայաշունչ պարերով հանդէս եկան Ստեփանակերտի «Տնջրէ» եւ Նոր Շէնի «Մոնթէ» խումբերը:
Բուռն ծափերով մարդիկ նշեցին, որ գիւղը կը սպասէր նման ձեռնարկի մը, որ նաեւ հայրենասիրական իւրայատուկ դաս էր:
Մօտակայ գիւղերէն՝ Աշանէն ու Հացիէն մարդիկ եկած էին գեղեցիկ արուեստի կարօտով՝ հակառակ եղանակային անբարենպաստ պայմաններուն:
Ներկաները նուէր ստացան նաեւ երգիչի ձայնասկաւառակներէն, կարելիութիւն ունեցան անմիջական զրոյց ունենալու անոր հետ:
Համերգի աւարտին երգիչը իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց Համազգայինի Արցախի եւ Երեւանի գրասենեակներուն, ՀՅԴ Արցախի կառոյցին, յանձին՝ Դաւիթ Իշխանեանի, համերգի կազմակերպման աջակցենլուն համար, ինչպէս նաեւ իր ընկերոջ՝ Ալեքս Պաղտասարեանին:
Երգիչին տարազը ապահոված էր Երեւանի «Տէրեան» արուեստի կեդրոնը:
Երգիչն ու իր ընկերները նաեւ գիւղի բազմազաւակ ընտանիքներուն համար բերած էին համեստ նուիրատուութիւն մը, որ յանձնուեցաւ գիւղի ղեկավարութեան:
29 Սեպտեմբերին Գէորգ Հաճեան համերգային ծրագիրներով այցելեց Արցախի երկու N զօրամասեր, ուր իր խրոխտ երգերով ոգեւորեց հայ զինուորները: Զինուորներուն կողքին երգերը աւելի իրական կը հնչէին, որովհետեւ անոնք իրենց ձօնուած էին:
Երգիչը հրամանատարութեան կողմէ արժանացաւ յատուկ շնորհակալագիրի՝ պաշտպանութեան բանակին հետ սերտ համագործակցութեան համար:
30 Սեպտեմբերին Գէորգ Հաճեան համերգով հանդէս եկաւ Քարվաճառի մէջ, ու եզրափակուեցաւ անոր արցախեան այցելութիւնը:
Նշենք, որ երգիչը յայտնեց, թէ համերգները Արցախի մէջ այսուհետեւ շարունակական պիտի ըլլան: